(Ռատիօ Վատիկան) ''Ինդուներու ու մահմետականներու գնահատումով կաթողիկէ եկեղեցին կարիքը չունէր սպասելու հրաշքի մը որպէսզի Մայր Թերեզան սրբուհի հռչակուի'' կը հաղորդագրէ ''Ucanews'' լրատու գործակալութիւնը։
Հարաւային Ասիայի փոքրամասնութիւններու քարտուղար` Նավայտ Համիտ կը գրէ '' Քալքութայի Մայր Թերեզան արժանի է այս պատիւին ու Հնդկաստանը ինքզինք մեծապէս պատուուած կը զգայ անոր սրբադասումով''։
Mohammad Junaid Khan` համադրիչը միջ կրօնական համայնքներու ժողովին, ըսած է ''անոր կատարած աշխատանքը բոլորէն գնահատուած է, ան կը ներկայացնէր մարդկութեան մեծագոյն կրօնը։
Նշենք որ Մայր Թերեզա հիմնադիրը եղած է կրօնաւորուհիներու եղբայր-օգնութեան միաբանութեան որ Հնդկաստանի Քալքութա քաղաքին մէջ կը գործէ 1950-ին ի վեր։ Շատերու վկայութեամբ անոր կեանքը ինքնին հրաշք մըն է։
Մայր Թերեզա վախճանած է սրտի կատուածի հետեւանքով 1997-ին։
Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը զայն երանելի հռչակեց Հոկտեմբեր 2003-ին, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը զայն դասեց սուրբերու շարքին։
Ներկայիս կրօնաւորուհիներու եղբայր-օգնութեան միաբանութիւնը կը հաշուէ 5·044 անդամներ բաժնուած 768 տուներու մէջ որոնց 243ը կը գտնուին Հնդկաստան իսկ 515ը աշխարհի մէջ։ Յայտնենք թէ եղբայր-օգնութեան միաբանութիւնը կը գործէ նաեւ Հայաստանի մէջ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |