2016-01-07 09:59:00

Գերմանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահի այցելութիւնը Վիէթնամ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Մարքս Վիէթնամ պիտի այցելէ 7-17 Յունուար։ Այցելութեան յայտագիրը երկու հանգրուան ունի, առաջինը` Վիէթնամի հիւսիսը իսկ երկրորդը`  ''Hôchiminh Ville''։ 11օրուայ այցելութեան ընթացքին Կարդինալ Մարքս ընդառաջելով Հանոյի կարդինալ` Pierre Nguyên Van Nhon-ին հրաւէրին, Վիէթնամ  կը մեկնի անմիջական շփում ունենալու տեղական եկեղեցւոյ հետ եւ ամրապնդելու եկեղեցւոյ ուժականութիւնը ու քաջալերելու անոր առաքելութիւնը ընկերութեան մօտ։ Այցելութիւնը կը սկսի Հանոյի մայրաքաղաքով ̦ ուր կարդինալ Մարքս բազմաթիւ հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղական կղերին­, հաւատացեալներուն ու աւագ դպրեվանքի անդամներուն հետ։ Նոյնպէս հանդիպումներ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։ Նշենք որ Հանոյի Մայրաքաղաքը կը հաշուէ 500 հազար հաւատացեալներ։

Այցելութեան երկրորդ հանգրուանը Hôchiminh Ville (հարաւային Վիէթնամ) կարդինալը հիւրը պիտի ըլլայ թեմի առաջնորդ` արքեպիսկոպոս Paul Bùi Văn Đoc-ին։ Ան պիտի այցելէ Քարիթասի նոր շէնքը ապա պիտի այցելէ կերպասի գործարան մը եւ արհեստավարժ դպրոց մը ապա դասախօսութիւն մը պիտի տայ երկրի բանուորներու իրաւունքին մասին։ Յայտագիրը կը նախատեսէ նաեւ կլոր սեղան մը հայող ընտանեկան հովուութեան նիւթին,  ընկերութեան մը մէջ որ մեծ յեղաշրջումի ենթարկուած է։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.