2016-01-07 10:18:00

Աստուածայայտնութեան տօնը Զմմառու վանքին մէջ


Չորեքշաբթի 6 Յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Փոխանորդ և Մեծաւոր վանքիս՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան Ձայնաւոր Ս. Պատարագ մատուցանեց Զմմառու Վանքի Մայր Տաճարին մէջ: Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Զմմառու վանքի վարչական Հայրերը, Ս. Միքայէլ և Երանելի Մալոյեան դպրեվանքի ուսանողները և բարեպաշտ հաւատացեալներ: 
Գերապայծառ Հայրը իր քարոզին մէջ նշեց թէ Աստուածայայտնութեան տօնը, Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն առաջինն է և Բ. դարէն սկսեալ՝ մեծ շուքով կը տօնակատարուի: Մեծաւորը, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, ըսաւ. «Այսօր Բանը որ կը բնակէր երկնքի մէջ, աշխարհ իջաւ, մարդոց մէջ բնակեցաւ, որպէսզի մենք լսենք իր խօսքը եւ շօշափենք Աստուծոյ սէրը»: Ապա Մեծաւոր Հայրը իր քարոզին մէջ խօսելով ստեղծագործութեան և Քրիստոսի աստուածայայտնութեան խորհուրդին մասին՝ մէջբերեց Սրբազան Քահանայապետին քարոզէն հետեւեալ հատուածը. «Բանը Աստուած է և Աստուած լոյս է, սակայն մարդիկ նախընտրեցին խաւարը։ Բանը եկաւ իրեններուն մօտ, սակայն անոնք զինք չ'ընդունեցին։ Չարը առեղծուած մըն է որ մեր կեանքին կը սպառնայ, իսկ մեզմէ կը պահանջուի հսկողութիւն` որպէսզի ան չիշխէ մեր վրայ: Պէտք է զգուշանալ չարէն ու բանալ մեր սրտերուն դռները Աստուծոյ Խօսքին, որպէսզի Անոր որդիները դառնանք»: 
Սուրբ և Անմահ Պատարագի աւարտին՝ մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Մկրտութիւնը խորհրդանշող Ջրօրհնէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ տարիներու աւանդութեան համաձայն: Պատարագիչ Հայրը աղօթքէն և հոգեպարար շարականի երգեցողութենէն ետք, սրբալոյս միւռոն հոսեցուց Քրիստոսի Մկրտութիւնը և Յորդանան գետը խորհրդանշող ջուրի աւազանին մէջ: Այնուհետեւ օրհնուած ջուրը բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին: Սրբազան արարողութեան աւարտին՝ հոգեւորական և դպրաց դասն ու հաւատացեալները հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցան վանքիս դահլիճը, ուր Տնօրհնէք կատարուեցաւ: Որմէ ետք յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ և փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան:








All the contents on this site are copyrighted ©.