2016-01-06 10:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Մենք կարիքն ունինք Բեթղեհէմի աստղի լոյսին''


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 6 Յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Աստուածայայտնութեան տօնին սուրբ պատարագը, այս առթիւ արտասանած քարոզը կեդրոնացնելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ ուր Եսայի Մարգարէին Երուսաղէմին ուղղած խօսքերուն ընդմէջէն հրաւէր մը կ՛ուղղուի նաեւ մեզի, մենք մեզմէ դուրս գալու ու դիմելու դէպի լոյսը` որ մեր էութիւնը կը լուսաւորէ։ ''Լուսաւորուիր, լուսաւորուիր, Երուսաղէմ քանի հասել է քո լոյսը եւ Տիրոջ Փառքը քեզ վրայ է ծագելու''։

''Իսկական լոյսը Քրիստոսն է'' ըսաւ Սրբազան Պապը եւ հաստատեց թէ ''այն չափով որ Եկեղեցին Անոր կառչած կը մնայ, այն չափով որ ան Անորմէ կը լուսաւորուի, կարող կը դառնայ ինք եւս լուսաւորել ազգերն ու ժողովուրդները''։

Մենք կարիքն ունինք այդ լոյսին որպէսզի համապատասխանենք մեզի շնորհուած կոչումին որ է հռչակել Քրիստոսի Աւետարանը եւ որ կը յատկանշէ նոյնինքն եկեղեցւոյ էութիւնը։ Այս է Եկեղեցւոյ կոչումը` անոր առաքելութիւնը, ըսաւ Քահանայապետը ու մատնանշեց մոգերուն որոնց մասին կը խօսի Մատթէոս աւետարանիչը եւ որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի զանազան վայրերու մարդիկը որոնք կ՛ընկալուին Աստուծոյ տան մէջ։ ''Յիսուսի առջեւ չկայ բաժանում, չկայ տարբերութիւն ցեղի, լեզուի եւ մշակոյթի, այդ Մանուկին մէջ համայն մարդկութիւնը միացած է եւ Եկեղեցին պարտականութիւնն ունի այս իրականութիւնը ի յայտ դնելու'' -յարեց ապա Քահանայապետը ու մատնանշեց թէ ''Մոգերու նման այսօր եւս շատ մարդիկ կ՛ապրին խռոված սրտով ու անպատասխան հարցումներով'' ու հաստատեց թէ '' անոնք եւս կը փնտռեն Բեթղեհէմի Աստղը''։

Որքան աստղեր կան երկնքի մէջ բայց եւ այնպէս մոգերը հետեւեցան միայն մէկուն որ աւելիով կը փայլէր։ Եւ այս Աստղը զանոնք փոխակերպեց ու զիրենք առաջնորդեց դէպի Բեթղեհէմ։

Այսօր մենք եւս մոգերու նման հարցադրելու ենք ''Ու՞ր է հրեաներու Թագաւորը որ ծնաւ. Մենք Անոր աստղը տեսանք արեւելք եւ եկած ենք իրեն երկրպագութիւն ընելու (Մատթ 2,2)''։

Կանչուած ենք փնտռելու Աստուծոյ նշանները գիտակից ըլլալով թէ անոնք մեզմէ կը պահանջեն յանձնառում։ Կանչուած ենք երթալու Բեթղեհէմ` գտնելու համար Մանուկը եւ Անոր Մայրը։ Հետեւինք Աստուծոյ մեզի ընծայած լոսին։ Լոյսը որ կը յայտնէ Քրիստոսի դիմագիծը` լի ողորմութեամբ եւ հաւատարմութեամբ։

Եւ երբ հասնինք Անոր դիմաց պաշտենք զինք բոլոր սրտով ու անոր մատուցենք մեր նուէրները` մեր ազատութիւնը, մեր խելացիութիւնն ու մեր սէրը։

Ընդունինք որ իսկական իմաստութիւնը կը գտնուի այդ Մանուկի դիմագիծին մէջ։ Հոս Բեթղեհէմի պարզութեան մէջ է որ Եկեղեցւոյ կեանքը կը գտնէ իր եզրակացութիւնը։ Հոս է լոյսին աղբիւրը որ իրեն կը հրաւիրէ ամէն անհատ եւ ժողովուրդներուն քայլերը կ՛ուղղէ խաղաղութեան ճանապարհին վրայ ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.