2016-01-05 10:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնը ԱՄՆի եպիսկոպոսներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Պապը  իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ԱՄՆի եպիսկոպոսներուն իրենց կատարած դրամահաւաքին, Լատին ամերիկայի եկեղեցիներուն ի նպաստ։

Սոյն նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է 50 տարի առաջ` 1966-ին։ Սրբազան Քահանայապետէն սահմանուած է որպէս նշան զօրակցութեան ու թանկարժէք միջոց մը այդ հողամասի հոգեւոր ու նիւթական օգնութիւն մատուցելու ի սպաս Աստուծոյ Արքայութիւն։ ''Վստահ եմ, կը կարդանք ֆրանչիսկոս Պապի գրած նամակին մէջ, որ ԱՄՆի եպիսկոպոսական դասի ու անհատներու սատարին շնորհիւ դրամահաւաքը պիտի շարունակէ արդիւնաբեր ըլլալ Լատին ամերիկայի հոգեւոր կեանքին ու Եկեղեցւոյ աւետարանական վկայութեան''։

Նշենք որ դրամահաւաքը ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Յունուար ամսոյն մէջ, (այս տարի` 23 և 24 յունուարին)։ Դրամահաւաքի բնաբանն է  բաժնեկցիլ հաւատքը։ Այս դրամը Լատինամերիկայի եկեղեցւոյ համար կենսական է ու մեծապէս կը նպաստէ անոր աւետարանումի առաքելութեան։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.