2016-01-05 10:43:00

Տիվինօ Ամորէ'' սրբավայրին մէջ Ողորմութեան տարուայ սուրբ դրան բացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսի Աստուածայայտնութեան տօնին օրը, չորեքշաբթի, 6 յունուարի առաւօտուն, Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինի, Ողորմութեան Յոբելինական Սուրբ  Տարուայ առթիւ. բացումը կը կատարէ  Հռոմի ''Աստուածային Սէր – Տիվինօ Ամորէ''  Մարեմեան սրբավայրի տաճարին  Սուրբ Դրան։

Յաւարտ դռնբացէքի արարողութեան, Կարդինալ Վալլինին՝ ընկերակցութեամբ կղերական դասին եւ հաւատացեալներուն  Սուրբ Դուռէն անցք կատարելէ ետք թափօրով կ՝ուղղուին Սրբավայր ուր կը գլխաւորէ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։

Տիվինօ Ամորէ Մարեմեան Սրբավայրը շատ սիրփլի է Հռոմէացիներուհամար ուր անոնք յաճախ ուխտագնացութիւն կը կատարեն ու յատկապէս ամառնային շրջանին հետիոտն ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպեն։ Սրբավայրը ունի երկու եկեղեցիներ մէկը պատմական կառուցուած 1745-ին իսկ երկրորդը աւելի նոր 1999 թուականին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.