2016-01-05 09:22:00

Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Լիբանանի պետական հաստատութիւնները փակ պիտի մնան:


Վարչապետ Թամմամ Սալամ երկուշաբթի, 4 յունուարին, հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Հարպ շեշտեց, որ ներքին եւ արտաքին իրադարձութիւններուն պատճառով հարցերը աւելի եւս կը բարդանան եւ կարգ մը հաւանական լուծումներ արդէն իսկ անկարելի կը թուին ըլլալ` արգելակելով Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերող նախագահական ընտրութեան ամէն տեսակի նախաձեռնութիւն:

«Ի տես այս բարդ իրավիճակին կառավարութիւնը պէտք է իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ եւ կամ հրաժարի», շեշտեց Հարպ:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.