2016-01-05 14:01:00

Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպիսկ Ասատուրեան այցելեց Լիբանահայ պաշտօնաթերթերուն


Սուրբ  Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առիթով, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Լիբանանի թեմի  օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Ասատուրեան,  ընկերակցութեամբ Պր. Սարգիս Նաճարեանի,  5 յունուար 2015, երեքշաբթի կէսօրէն առաջ այցելեց լիբանանահայ մամուլի երեք պաշտօնաթերթերուն խմբագրատուները եւ հանդիպումներ ունեցաւ  պատասխանատու խմբագիրներուն հետ։  Գերապայծառը Սբ. Ծննդեան եւ Ամանորի առիթով նախ  շնորհաւորեց խմբագիրներն ու մամուլի աշխատակազմերը, շնորհակալութիւն յայտնեց իր նշանակումին ու ձեռնադրութեան առիթներով եւ այնուհետեւ իր գործունէութեան իրենց պատշաճ անդրադարձներուն համար։ Գերապատիւ Հայրը կարեւորեց մամուլին  դերը՝ հայկական մշակոյթն ու ազգային արժէքները պահպանելու, ընդհանրապէս  հայապահպանութեան եւ հասարակութիւնը իրազեկելու ու լուսաբանելու աշխատանքին մէջ։ Քննարկուեցան մամուլին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ զարգացման հնարաւորութիւնները։

Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր խմբագրի հետ շուրջ ժամ մը տեւած  զրոյցը շօշափեց  լիբանանահայ գաղութի կեանքին հայող ընկերային, տնտեսական, կրթական, քաղաքական, ապահովական հրատապ խնդիրները, ինչպէս նաեւ շրջանային լարուածութեան եւ  ասոր հետեւանքով յառաջացած ողբերգական իրադարձութիւններուն ժխտական անդրադարձը հայկական գաղութներէն ներս, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն ծանրակշիռ իրավիճակը ու իբրեւ անմիջական հետեւանք՝ անոնց արտագաղթի յարաճուն թափը։

Հրաժեշտ առնելէ առաջ, Գերապայծառ Տէրը մաղթեց որ Յիսուսի Ծնունդը այս խռովայոյզ շրջանին վերեւէն հեռացնէ սեւ ամպերը, պայծառացնէ երկինքը եւ իր հետ բերէ մանաւանդ այնքան ցանկալի խաղաղութիւնը ու սէրը մարդկանց միջեւ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.