2016-01-04 09:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Մեքսիքոյի մէջ։ Դրամահաւաք գաղթականներուն 2 կեդրոններու կառուցման համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ Ֆելիփէ Արիզմենտի Էսքիվալ` առաջնորդը Մեքսիքոյի ''San Cristóbal de las Casas'' թեմին մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքոյ կատարելիք այցելութեան առթիւ (12-18 Փետրուար 2016) մտադիր է դրամահաւաք մը կազմակերպել գաղթականներու երկու կեդրոններու կառուցման   համար։

''Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանին առիթով, ըսաւ առաջնորդը, Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը որոշեց կառուցել երկու կեդրոններ` հիւրընկալելու համար գաղթականները։ Սրբազան Հօր այցելութեան առթիւ որոշեցինք դրամահաւաք կատարել այդ դիտաւորութեան համար։ Մեքսիքոյի եկեղեցին արդէն կը մատակարարէ երեք կեդրոններ։ Գաղթականներու հարցը հրատապ է քանի մեր երկիրը կը հասնին Կուաթեմալայէն̦ Հոնտուրասէն ̦ Էլ Սսալվատորէն եւ Քուպայէն գաղթականներ եւ վերջերս նաեւ Հնդկաստանէն ու Չինաստանէն''։

ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ գերապայծառ  Արիզմենտի Էսքիվալը, մեծապէս գնահատած ու օրհնած է մեր եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւնը։ Ան ապա յայտնեց թէ Մեքսիքոյի եկեղեցին հարկաւորութիւնը կը զգայ նաեւ հզօրացնելու երիտասարդական ու ընտանեկան հովուական խնամակալութիւնը ու մատնանշեց թէ  Մեքսիքոյի ժողովուրդը շատ կը սիրէ ու կը գնահատէ Հռոմի Պապի առաքելական աշխատանքը որ կը կեդրոնանայ լոկ Աւետարանի վրայ։ Պապը մեծապէս գնահատուած է ոչ միայն իր պարզութեան համար այլ որովհետեւ Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ դէպի Աստուած - հաստատեց միշտ ''San Cristóbal de las Casas'' թեմին առաջնորդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.