2016-01-04 09:09:00

Ս. Հաղորդութեան միջազգային 51-րդ գիտաժողովի նախապատրաստութիւնները աւարտած են։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 25-31 Յունուար 2016, Ֆիլիփինեան Սեպու քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ամենասուրբ Հաղորդութեան 51-րդ գիտաժողովը, որուն նախապատրաստական աշխատանքները արդէն աւարտած են յայտարարած է քաղաքի թեմին առաջնորդը գերապայծառ Խօսէ Փալմա։

Գիտաժողովին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան 10 հազար հոգիներու եւ 8500 պատուիրակներու եկած 71 երկիրներէն։

Գիտաժողովին նիւթն է ''Քրիստոս ձեր մէջ փառքի յոյս'' քաղուած Պօղոս առաքեալի Կողոսացիներուն ուղղուած թուղթէն։

Այս երկրորդ անգամն է որ ֆիլիփինեան եկեղեցին կը հիւրընկալէ ամենասուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովը։ Առաջին անգամ գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Մանիլայի  մէջ 1937-ին, Պիոս ԺԱ Պապին օրով։

''Գիտաժողովը բնականաբար կը կատարուի Ողորմութեան Յոբելեանի ոգիով ու անոր ծիրէն ներս եւ  կաթողիկէ հասարակութեան համար պիտի հանդիսանայ բարենորոգումի աղբիւր'' յայտարարած է գերապայծառ Փալմա։

Յանուն ֆրանչիսկոս Պապին գիտաժողովը պիտի գլխաւորէ կարդինալ` Charles Maung Bo առաջնորդը  Պիրմանիայի Եանկոն թեմին։

Գիտաժողովին իրենց միջամտութիւնը պիտի բերեն. կարդինալ Թիմոթի Տոլան` Նիւ Եորք թեմին առաջնորդը,  Գերապայծառ Ռոպերթ  Պարրոն`Լոս Անճելըսի օգնական եպիսկոպոսը, նիճերիացի կարդինալ Ճոն Օնայէքաեն   եւ Հնդկաստանի Փոմփէյ թեմի առաջնորդ`կարդինալ Օսվալտ Կրասիաս։  








All the contents on this site are copyrighted ©.