2016-01-04 08:59:00

Ռայի պատրիարք շեշտեց ամբողջ աշխարհի խաղաղութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Համաշխարհային խաղաղութեան տօնին առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին ան իր քարոզին մէջ շեշտեց Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի խաղաղութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ յղուած պատգամին, որուն մէջ Լիբանանի քաղաքական անձնակազմին յատուկ պատգամ մը ուղղուած էր` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն անտարբերութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին` աւելցնելով, որ այդ պատճառով ալ նախագահական ընտրութեան իմաստով առաջադրուած նախաձեռնութիւնը խոչընդոտուած է, իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ անոր դաշնակիցներուն  կողմէ այդ նախաձեռնութեան դէմ մղուած պայքարը երբեք նկատի չէ ունեցած, որ նախաձեռնութեան առաջադրած խնդրոյ առարկայ նախագահական թեկնածուն համախմբումին մաս կազմող դաշնակից է, ինչպէս նաեւ շրջանային քաղաքականութեան իմաստով որդեգրուած ուղեգիծի գործակից մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.