2016-01-02 14:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը Հռոմի Տիրամօր տաճարի Սուրբ դրան բացման արարողութեան առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Ամենասուրբ Աստուածամօր տօնի  առթիւ, մէկ յունուար 2016-ի  յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած՝ Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ նախագահեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի եւ Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ դռնբացի արարողութիւնը։

Սրբազան Հայրը` այս առթիւ արտասանած քարոզը  սկսաւ շարականի աղօթքով` ''Ողջոյն Քեզ Ողորմութեան Մայր, Աստուծոյ եւ Ողորմութեան Մայրը, Մայրը Յոյսի եւ շնոհրքի'' ապա աւելցուց թէ այս բառերուն մէջ կը գտնենք բազմաթիւ սերունդներու Քրիստոնէական հաւատքի եզրակացութիւնը,  որոնք իրենց աչքերը սեւեռած պահելով Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբպատկերին վրայ, հայցեցին  Անոր բարեխօսութիւնն ու  սփոփանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Ապա ակնարկեց պահ մը առաջ՝ Տիրամօր նուիրուած տաճարին, Ողորմութեան սուրբ դրան բացումին` յարելով ՝՝այդ Սուրբ Դուռը ողորմութեան դուռն է,  իսկ՝ ով որ անցնի սոյն  դուռէն, կանչուած է մխրճուելու Աստուծոյ Ողորմութեան սիրոյ մէջ՝  լի յոյսով եւ առանց վախի,  եւ ով որ այս տաճարը ժամանէ, վստահ պիտի ըլլայ որ կը վայելէ Տիրամօր աջակցութիւնը։

՝՝Սուրբ Կոյս Մարիամը, ներողամտութեան Մայրն է՝՝,  հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացնելով ներողամտութեան իմաստին վրայ ու հաստատելով թէ ՝՝ան որ որ չի գիտեր ներել . տակաւին չէ ճանչցած սիրոյ ամբողջականութիւնը։ Եւ  ով որ ճշմարտապէս կը սիրէ,  ի վիճակի կը դառնայ յանգելու ներողամտութեան` մոռնալով իր կրած արհամարհանքները''։

 

Տիրամայրը՝ խաչի ոտքին, տեսաւ իր Զաւակը՝ թէ ինչպէս Ինքզինք պարգեւեց վկայելով թէ ինչ կը նշանակէ սիրել՝ ինչպէս Աստուած մեզ սիրեց։

 

Տիրամայրը այդ պահուն, բոլորիս համար դարձաւ ներողամտութեան Մայր ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով թէ Ան՝ Եկեղեցիին  կ՝ուսուցանէ, թէ Գողգոթայի վրայ ընծայուած ներողամտութիւնը սահման չի ճանչնար։

 

Եկեղեցւոյ ներողամտութիւնը եւս պէտք է ունենայ միեւնոյն ընդարձակութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մինչ քարոզի աւարտին հրաւէր ուղղեց անցնելու Ողորմութեան Սուրբ դուռէն  վստահ ըլլալով թէ Տիրամայրը մեզի կ՛ընկերակցի ու կը բարեխօսէ մեզի համար''։

Թոյլ տանք Տիրամօր, որ մեզի ընկերանայ՝ յայտնաբերելու համար , Իր Զաւկին՝ Յիսուսի հետ հանդիպումի ուրախութիւնը ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով իր քարոզը։   

 








All the contents on this site are copyrighted ©.