2016-01-02 14:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Լայն բացէք ձեր սրտի դռները Աստուծոյ ողորմութեան դիմաց''


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 1 յունուար 2016-ին, Հռոմի Աստուածամօր նուիրուած  ''Մարիա Մաճճորէ'' աւագ տաճարին  մէջ, ողորմութեան յոբելենական տարւոյն դռնբացէքի ու սուրբ պատարագի գլխաւորած արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այցելեց աւագ տաճարի մէջ ''Հռոմի Ժողովուրդի Փրկութիւն'' Աստուածամօր նուիրուած մատուրը ուր եւ զետեղուած է Աստուածամօր սրբապատկերը, այնտեղ եւս կատարելով դռնբացէքի արարողութիւն մը։ Սրբազան Քահանայապետը պահ մը ամփոփուեցաւ լռելեան աղօթքի մէջ ապա Աստուածամօր Սրբապատկերին ոտքին փունջ մը ծաղիկ զետեղեց ու դարձեալ աղօթեց, հուսկ խնկարկեց մատուրն ու սրբապատկերը որպէս ջերմեռանդութեան նշան Աստուածամօր։

Մարեմեան մատուրին դուռը բանալէն առաջ Սարկաւագը ըսաւ ''Սրբազան Քահանայապետը Հռոմ քաղաքի ու համայն աշխարհի շատ սիրելի Մարեմեան Մատրան դուռը բանալով կը մտնէ Հռոմի Ժողովուրդի փրկութիւն Տիրամօր մօտ։ Միանանք Անոր աղօթքին Աստուածամօրմէն խնդրելով որ մեզ առաջնորդէ դէպի Տէրը` Յիսուս, փորձարկելու համար Անոր ներումը ու իսկական խաղաղութիւնը։

Մինչ Մատրան մէջ մատուցած մեծարանքի ու ջերմեռանդական աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը դուրս գալով Սանթա Մարիա Մաճճորէ Եկեղեցիէն, այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն սրտի խօսք մը ուղղեց  ըսելով ''Բարի երեկոյ, այս երեկոն բարի ու գեղեցիկ է Մարիամի` մեր Մօր եւ Աստուծոյ Մօր տան առջեւ։ Ան մեզի բերաւ Աստուծոյ Ողորմութիւնը որ է Յիսուս։ Շնորհակալութիւն յայտնենք մեր Մօր։ Շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ Մօր եւ ամէնքս մէկ միասնաբար եփեսոսի հաւատացեալներուն հետ միասին ըսենք ''Սուրբ Մայր Աստուծոյ'' միասին կրկնենք երեք անգամ ''Սուրբ Մայր Աստուծոյ''։

Ձեզի կը մաղթեմ շնորհաւոր նոր տարի լի Աստուածային Ողորմութեամբ որ կը ներէ ամէն ինչ։ Բացէք ձեր սրտի դռները այս ողորմութեան, լայն բացէք ձեր սրտերը որպէսզի ուրախութիւն հաստատուի եւ հաստատուի նաեւ Աստուծոյ ներումի երջանկութիւնը։

Բարի Երեկոյ եւ աղօթեցէք ինծի համար։ Շնորհաւոր Նոր Տարի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.