2016-01-02 13:07:00

Սանթ Էճիտիօ հասարակութեան խաղաղութեան աւանդական քայլարշաւը։


''խաղաղութիւնը կերտել անտարբերութիւնը յաղթահարելով''։

(Ռատիօ Վատիկան) Ամէն տարուայ Յունուար մէկին. Sant'Egidio հասարակութիւնը աշխարհի աւելի քան 800 քաղաքներուն մէջ քայլարշաւ մը կը կազմակերպէ աշխարհի խաղաղութեան համար։

2016-ին հասարակութիւնը իր համակիրներէն խնդրած է տուներէն դուրս գալ ʺՈչ'' ըսելու պատերազմին եւ ոչ ըսելու անտարբերութեան, ինչպէս կը հրաւիրէ ֆրանչիսկոս Պապը` խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ հրատարակած պատգամին մէջ։

Հռոմի մէջ Sant'Egidio հասարակութեան անդամները, կէսօրին` Ս﹒ Պետրոսի հրապարակը հասան մասնակցելու Սրբազան Քահանայապետին ''Հրեշտակ Տեառն'' Մարեմեան աղօթքին ̦ ու հայցելու խաղաղութիւն  աշխարհի։

Sant'Egidio  հասարակութեան գնահատումով քայլարշաւը առաջին պատասխանն է անտարբերութեան նկատմամբ։ ''Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ յիշեցնելու ենք որ ամէն պատերազմի ետին կայ զէնքի բեղուն վաճառք մը, որ ոչ միայն տագնապ չի ճանչնար այլ ընդհակառակը  շահերը մշտատեւ կը բազմապատկէ'' յայտնած են խաղաղութեան քայլարշաւի կազմակերպիչները ։

ֆրանչիսկոս Պապը̦ խիստ բառերով այս ճշմարտութիւնը կ՛ընդգծէ` յայտնելով թէ զէնքի առեւտուրը մահ ու կործանում կը յառաջացնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.