2016-01-02 14:54:00

Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 2 յունուար 2016-ի առաւօտուն , Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը, Պէյրութի պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթըհ Ալին

Հանդիպումին ընթացքին,  Կաթողիկիոս  Պատրրիարքը ընդհանուր գիծերով տեղեկութիւն տուաւ Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայերու  կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին, թէ՛ շրջանին մէջ եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ: Ուշադրութեան յատուկ առարկայ դարձաւ Իրանի հայկական գաղութը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ դեսպանը ողջունեցին իրանահայութեան կազմակերպ կեանքը եւ կենսունակ մասնակցութիւնը Իրանի բարեզարդման աշխատանքներուն: Ապա, անոնք արծարծեցին Միջին Արեւելքի ներկայ ընդհանուր կացութիւնը: Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը հաստատեց քրիստոնեայ-իսլամ համագոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը` յիշեցնելով, որ ծայրայեղականութիւնը կը վնասէ կրօններու համագոյակցութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի ՝ Հայաստանի հանրապետութեան հանդէպ ցուցաբերած աջակցութեան ըլլայ առեւտրական ըլլայ ընկերային գետնի վրայ։ 

Վերոնշեալ հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Պէյրութի օգնական եպիսկոպոս Արհ Գէորգ Եպս Ասատուրեանը, Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց երբեմնի առաջնորդ՝ Արհ Գէորգ Եպս Խազումեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.