2016-01-02 13:38:00

Բարեմաղթութիւններու փոխանակում Իսրայէլի նախագահի ու կրօնապետերու միջեւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Իսրայէլի նախագահ Reuven Rivlin, Նախագահական պալատին մէջ ընդունելով քրիստոնեայ եւ մահմետական կրօնապետերը Ամանորի բարեմաղթութիւններու փոխանակումին առթիւ  յայտնեց թէ  ''հաւատացեալ հրեայ մը կարող չէ ըլլալ հակա-քրիստոնեայ եւ հակա-մահմետական''։

Նախագաէը իր ուղղած ճառին ընթացքին վերակոչեց վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի ''Nostra Aetate'' յայտարարութիւնը որ, ըսաւ Նախագահը, բարեփոխութիւն արձանագրեց հրեայ-կաթողիկէ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։ Ան ապա խօսելով Վատիկանի մէջ անցեալ սեպտեմբերին կայացած ֆրանչիսկոս Պապին հետ իր հանդիպումի մասին մէջբերեց Սրբազան Պապին հետեւեալ խօսքը﹒ ''ճշմարիտ քրիստոնեայ մը չի կրնար ըլլալ հակա հրեայ''։

Նախագահ Rivlin յայտնեց իր կամքը երաշխաւորելու բոլորին պաշտամունքի ազատութիւնը։ Կ՛ուզենք որ քրիստոնեայ հասարակութիւնը բարգաւաճի ու իր դերը կատարէ իսրայէլեան ընկերութեան մէջ։

Յոյն օրթոտոքս պատրիարք`  գերերջանիկ Թէոֆիլոս Գ խօսք առնելով յանուն քրիստոնեայ պատուիրակութեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Իսրայէլի նախագահին որ բազում անգամներ յարգանք ցոյց տուաւ Իսրայէլի հողին վրայ ապրող կրօնական բոլոր հասարակութիւններուն նկատմամբ ու յանձնառու օրէն կը գործէ  անոնց պաշտպանութեան ի խնդիր։ Պատրիարքը ընդգծեց որ քրիստոնեաներու առաքելութիւնը Երուսաղէմի մէջ կը կայանայ  Ս﹒ Քաղաքի հոգեւոր հարստութիւններու պահպանումի մէջ։ Նշենք որ քրիստոնեայ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ, եւ հայր Իպրահիմ Ֆալթաս, որպէս ներկայացուցիչ Ս﹒ Երկրի Պահակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.