2016-01-01 15:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2016ի անդրանիկ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 1 յունուար 2016-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց 2016 տարուայ Մարեմեան առաջին աղօթքը­, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած 60 հազարէ աւելի հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքի ընթացքին արտասանած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս եւ շնորհաւոր նոր տարի։

Այս տարեսկիզբի ընթացքին գեղեցիկ է փոխանակել բարի մաղթանքները։ Այսպէսով կը նորոգենք իղձը մէկը միւսին  համար, յուսալով որ տարին որ կը սկսի աւելի լաւ ըլլայ։ Եւ այս մէկը յոյսի նշան մըն է որ մեզ կ՜ոգեւորէ եւ յուսալից կը դարձնէ կեանքը. Թէեւ գիտակից ենք որ նոր տարին ամէն բան պիտի չի փոխէ եւ շատ մը անցեալի հարցեր պիտի մնան նաեւ ապագայի մէջ։ Ասոր համար իմ մաղթանքս կ՜ուզեմ զօդել իսկական յոյսի մը`    քաղուած այսօրուայ ծիսակատարութենէն։

Ձեզի կը մաղթեմ որ Տէրը ձեր վրայ սեւեռէ իր հայեացքը եւ դուք կարենաք ուրախանալ, այն գիտակցութեամբ թէ Անոր ողորմած դէմքը, որ աւելի փայլուն է քան արեւը, կը շողայ ձեր վրայ եւ երբեք չի խաւարիր. Վերագտէք Աստուծոյ դէմքը որ կեանքը կը նորոգէ։ Որովհետեւ Ան Հայր մըն է որ սիրահարուած է մարդուն։ Բարեգութ­­, համբերատար ու ողորմած։ Տէրը կախարդական փոփոխութիւններ չի խոստանար։ Ան իրականութիւնը կը փոխէ ներքնապէս սիրով եւ համբերութեամբ­, կը խնդրէ մտնել մեր կեանքին մէջ։ Ան միշտ մեզ կը սպասէ ու մեզի կը նայի քնքշութեամբ։ Այնպէսով որ ամէն առաւօտ մենք կարող ենք ըսել. "Այսօր Տիրոջ հայեացքը կը շողայ իմ վրաս"։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան, որուն բնաբանն է` յաղթէ անտարբերութիւնը եւ ձեռք բեր խաղաղութիւնը ու հաստատեց թէ անհրաժեշտ է մշակել Հօր Աստուծոյ խաղաղութիւնը զոր Ան կ՛ուզէ սերմանել աշխարհի մէջ ու թէ հարկաւոր է որ այդ խաղաղութիւնը ձեռք բերուի։ Այս կը պահանջէ իսկական պայքար, հոգեւոր մարտնչութիւն, որովհետեւ խաղաղութեան թշնամին միայն պատերազմը չէ այլ է նաեւ անտարբերութիւնը որ խոչընդոտներ, վախեր ու փակումներ կը ստեղծէ.

Սկսինք բանալ մեր սրտերը ուշադրութիւն դարձնելով մերձաւորին այս է ահա ճանապարհը խաղաղութեան, դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս  Պապը ու հայցեց Խաղաղութեան Թագուհի` Աստուծոյ Մօր բարեխօսութիւնը որպէսզի նոր տարուայ ընթացքին աճի խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.