2016-01-01 14:18:00

Մարիամի այոյէն ետք ողորմութեան ովկիանոս մը պատեց աշխարհը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 1 յունուար 2016-ի առաւօտեան, Մարիամի` Աստուածամօր տօնին եւ խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորեց 2016 տարուայ անդրանիկ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներն ու տօնակատարութիւնը, յայտնեց թէ այն վայրկեանին որ Աստուած որոշեց իրականացնել իր խոստումը­, այն ժամանակ  մարդկութեան համար կատարուեցաւ ժամանակի լրումը։

Առ այդ` ըսաւ Սրբազան Հայրը պատմութիւնը չէ որ կ՛որոշէ Քրիստոսի Ծնունդը այլ Անոր աշխարհ գալը պատմութեան թոյլ կու տայ հասնելու իր լրումին։ Եւ ասոր համար Աստուծոյ Որդոյն ծնունդով սկիզբ կ՛առնէ նոր դար մը որ ականատես է հինաւուրց խոստումի կատարումին։ Ժամանակի լրումը ուրեմն կը դառնայ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր պատմութեան մէջ։

Բայց եւ այնպէս այս խորհուրդը միշտ հակազդուած է պատմութեան ողբալի փորձառութիւններով. Ժխտական իրադարձութիւններով, անարդարութիւններով ու բռնութիւններով որոնք ամէն օր կը վիրաւորեն մարդկութիւնը ու մեզ կը մղեն հարցադրելու թէ ինչպէս կարելի է որ մարդու մարդուն դէմ գործուած չարիքը շարունակուի եւ հզօրը տիրապետէ տկարին վրայ ու մինչեւ երբ մարդկային նենգութիւնը` ատելութիւն ու բռնութիւն պիտի տարածէ աշխարհի մէջ։

Ինչպէս կարելի է ժամանակի լրում նկատել այն պահը որ մեր աչքերուն առջեւ կը դնէ բազմաթիւ այրեր­, կիներ ու մանուկներ որոնք կը փախչին պատերազմէն, անօթութենէն ու հալածանքներէն, իրենց կեանքը վտանգի մատնելով միայն իրենց հիմնական իրաւունքները պահպանելու համար։ 

Թշուառութեան ալիք մը, մեղքով սնուցանուած, կարծես կը հակասէ Քրիստոսի իրականացուցած ժամանակներու լրումը­­,  այս ալիքը սակայն ոչ մի բան կարող է ընել Ողորմութեան Ովկիանոսի դիմաց որ մեր աշխարհը կը պարուրէ։

Ամէնքս կանչուած ենք այդ ովկիանոսին մէջ մխրճուելու եւ թոյլ տալու որ վերանորոգուինք­, յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը, որ արգելք կը հանդիսանայ զօրակցութեան­, եւ դուրս գալու այն չէզոքութենէն որ արգելք է բաժնեկցութեան։

Քրիստոսի շնորհքը որ իր կատարումին կը հասցնէ փրկութիւնը մեզ կը մղէ դառնալու անոր համագործակիցները աւելի արդար ու եղբայրական աշխարհի մը կառուցումին ի սպաս ուր ամէն մէկ անհատ կարելիութիւնը ունենալ  ապրիլ խաղաղութեամբ, Աստուծոյ սկզբնական արարչագործ ներդաշնակութեան մէջ։

Նոր տարուայ սեմին, ըսաւ ապա Քահանայապետը, Եկեղեցին մեզ կը մղէ դիտելու Մարիամի Աստուածային Մայրութիւնը­, որպէս խաղաղութեան տիպար։ Խոստումը կ՛իրականանայ Անոր անձին մէջ։ Ան հաւատաց Հրեշտակի խօսքին եւ ծնաւ Որդին` դառնալով Տիրոջ Մայրը։

Անոր Այոյին միջոցաւ իրականացաւ ժամանակներու լրումը հաստատեց ապա Քահանայապետը եւ աւելցուց Այնտեղ ուր փիլիսոփաներու իմաստութիւնը եւ քաղաքականութեան բանակցութիւնները չեն կրնար հասնիլ­, այնտեղ կը հասնի հաւատքի զօրութիւնը որ Քրիստոսի Աւետարանի շնորհքը կը բերէ որ կարող է բանալ միշտ նոր ուղիներ­, ըլլայ իմաստութեան ըլլայ բանակցութիւններուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզը եզրափակեց հայցելով Մարիամ Աստուածանայ բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի ցոյց տայ իր զաւկին` Յիսուսի դիմագիծը, որ համայն աշխարհին ողորմութիւն ու խաղաղութիւն կը պարգեւէ ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.