2015-12-31 19:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ամենասուրբ Աստուածամօր տօնին ամավերջի գոհաբանական աղօթքը


(Ռատիօ Վատիկան) Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնին առթիւ, հինգշաբթի, 31 դեկտեմբերի յետմիջօրէին ժամը 5,00ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց գոհաբանական ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք, ''Te Deum'' գոհաբանական շարականի երգեցողութիւնը որպէս շնորհակալութիւն  առ Աստուած՝ անցնող տարուան ընթացքին շնորհած պարգեւներուն համար եւ Սուրբ հաղորդութեան Օրհնութիւնը։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց գոհաբանական աղօթքի կարեւորութեան ու ապրուած նշանակալից պահուն որպէս երախտագիտութիւն Աստուծոյ ներկայութեան` մեր պատմութեան մէջ։

Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց թէ ''այս Յոբելենական տարւոյն ընթացքին յատուկ նշանակութիւն կը ստանան  Եկեղեցւոյ հնչած գոհաբանական երգի այս բառերը. ''Մեր հետ թող ըլլայ միշտ, ով Տէր, քու ողորմութիւնդ, մենք քեզի յուսացինք''։

''Անոր Ողորմութիւնը լոյս է եւ յոյս որ մեզի կ՛ընկերանայ այս նոր տարուայ ընթացքին'' հաստատեց ապա Քահանայապետը ակնարկելով անցնող տարուայ իրադարձութիւններուն ու հարց տալով եթէ ամէն ինչ կատարուեցաւ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապա մատնանշեց բռնութիւններուն, վշտին ու տառապանքին որուն թիրախ դարձած են անհամար անմեղներ ինչպէս նաեւ զօրակցութեան նշաններուն` որոնք ցուցաբերուեցան այդ անձերէն շատերուն նկատմամբ ապա հաստատեց թէ ''բարին միշտ յաղթական է նոյնիսկ երբ կը պատահի որ ան տկար ու թաքնուած երեւի''։

Քարոզի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ` Հռոմ քաղաքի բնակիչներուն ուղղեց քաջալերանքի խօսք մը հրաւիրելով զանոնք  գերազանցելու դժուարութիւնները եւ վերագտնելու ծառայութեան, պարկեշտութեան եւ զօրակցութեան  արժէքները ինչպէս նաեւ հասարակաց բարիքին ի սպաս նուիրումը։ ''Թող երբեք չպակսի քրիստոնեայ վկայութեան սատարը որպէսզի Հռոմը կարենայ ըլլալ հաւատքի, հիւրընկալութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան առանձնաշնորհեալ վայր, Մարիամի` Հռոմի ժողովուրդի փրկութեան Մօր բարեխօսութեամբ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը փզրափակելով քարոզը։

Ամավերջի ծիսական արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ զետեղուած հսկայական մսուրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.