2015-12-31 09:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2016 տարւոյն բազմաթիւ ձեռնարկները։


(Ռատիօ Վատիկան) 2015 տարին կը հասնի իր սեմին եւ ահա նոր տարի մը սկիզբ կ՛առնէ մարդկութեան պատմութեան մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապին համար եւս նոր տարին կը ներկայացնէ խիտ ժամադրութիւններով յայտագիր մը։

2016-ի առաջին օրը` մէկ Յունուար 2016-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը սկիզբ պիտի տայ նոր տարւոյն, երկու պատարագ մատուցանելով, առաջինը` առաւօտուն ս· Պետրոս տաճարին մէջ, իսկ երկրորդը` երեկոյեան, Աւագ Տիրամօր նուիրուած պազիլիքային մէջ ուր եւ պիտի գլխաւորէ Ողորմութեան Սուրբ Դուրին բացման արարողութիւնը։

2016 տարուայ ընթացքին բացի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ու չորեքշաբթի օրուայ հերթական ընդհանուր ունկնդրութիւններէն, 2016-ին ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ պիտի տայ նաեւ ունկնդրութիւններու նոր շարքի մը հայող Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն որոնք տեղի պիտի ունենան ամիսը մէկ անգամ` շաբաթ օրով։

Ան ապա 2016 տարուայ միջազգային ճամբորդութիւններու շարքը պիտի սկսի Փետրուար ամսոյն մէջ` Մեքսիքօ կատարած առաքելական ճամբորդութեամբ եւ բացայայտ է Քահանայապետին դէպի Քրաքովիա ճամբորդութիւնը ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բրէ երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին։ Հաւանական են նաեւ Քահանայապետին այցելութիւններ Քոսովօ եւ Հայաստան։

2016 տարուայ ընթացքին պիտի շարունակուին ապա Եկեղեցւոյ բարենորոգումի աշխատանքները եւ այս առընչութեամբ արդեն որոշուած ենք Քահանայապետի անմիջական օգնական կարդինալներու յանձնախումբի հինգ նիստերու թուականները։

Յետ երկու եպիսկոպոսական սիւնհոդոսներու հայող ընտանիքի նիւթին հաւանական է որ Սրբազան Հայրը  այդ ուղղութեամբ  հրապարակէ առաքելական յորդորագիր մը։

Յայտնենք ապա թէ 17 Յունուարին` ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Հռոմի հրեաներու տաճարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.