2015-12-31 09:39:00

ՄԱԿ. «Տարեսկիզբէն ծովու ճամբով Եւրոպա հասած են մէկ միլիոն գաղթականներ


ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատար Անթոնիօ Կութերեշ յայտարարած է, որ 2015-ի սկիզբէն ի վեր Միջերկրական ծովու ճամբով Եւրոպա հասած են շուրջ մէկ միլիոն ապօրինի գաղթականներ, որոնց շարքին` աւելի քան 500 սուրիացիներ:

«Այս տարի ծովու ճամբով Եւրոպա հասած են գրեթէ մէկ միլիոն մարդիկ, որոնց 50 առ հարիւրէն աւելին սուրիացիներ են», ըսած է ան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի Սուրիոյ մարդասիրական կացութեան նուիրուած նիստին ընթացքին:

Կութերեշ յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնախումբի վարչութիւնը հարցախոյզ կատարած է սուրիացի 1200 տեղահանուածներու մօտ: Հարցախոյզին արդիւնքները հաստատած են, որ Սուրիան «ուղեղներու մեծ արտահոսք կ՛ապրի»: «Հարցախոյզին մասնակիցներուն 86 առ հարիւրը ունի միջնակարգ կրթութիւն: Անոնց գրեթէ կէսը կ՛ուսանի բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններուն մէջ: Կարելի է միայն պատկերացնել` ինչ աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ այդ «ելքը» տագնապէն ետք Սուրիոյ վերականգնման հեռանկարներուն վրայ», ըսած է ան:

Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է քաղաքացիութեան բացակայութեան խնդիրին վրայ, որուն դէմ յանդիման կը գտնուին սուրիացի նորածինները, որոնք եւրոպական երկիրներուն մէջ արձանագրուած չեն` դիւանակալական ընթացակարգերու բարդութեան եւ տագնապի ասպարէզի վերածուած հայրենիք արտաքսուելու վտանգին պատճառով:








All the contents on this site are copyrighted ©.