2015-12-31 09:47:00

3 միլիոն հաւատացեալներ մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային հանդիպումներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական Տան Կառավարութեան հրատարակած տուեալներու համաձայն մօտաւորապէս 3­.210­,860 հաւատացեալներ, 2015 տարուայ ընթացքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութիւններուն, յատուկ ունկնդրութիւններուն, ծիսական արարողութիւններուն եւ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքներուն։ Վերոնշեալ տուեալները հաշուի առնուած են Քահանայապետական Տան կառավարութեան` հասած դիմումնագիրերու հիման վրայ, ապա բաժնուած տոմսերու եւ Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին եւ Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած արարողութիւններու մասնակցող ներկաներու նախահաշիւի հիման վրայ։

Նշենք թէ վերոնշեալ տուեալները կը հային միայն Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումներուն եւ չեն ներառեր Քահանայապետին հովուական եւ առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին հաւատացեալներու մասնակցութեան հաշուեկշիռը։

Սոյն տուեալներու համաձայն 2015 տարուայ ընթացքին Քահանայապետի 42 հրապարակային ունկնդրութիւններու իրենց մասնակցութիւնը բերած են աւելի քան 704.100 հաւատացեալ։ Յատուկ ունկնդրութիւններուն 408.760 հաւատացեալ։ Ծիսական արարողութիւններուն 513 հազար հաւատացեալ մինչ Մարեմեան աղօթքներուն 1 միլիոն 585 հազար հաւատացեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.