2015-12-30 11:07:00

Ռաի Պատրիարքի այցելութիւնը Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 29 դեկտեմբերին, Սուրբ Ծննդեան տօնի եւ Ամանորի զոյգ տօներու առթիւ, Մարոնիներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Ռաի ընկերակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ`  Գերապայծառ Փոլ Սայյահի փոխ այցելութիւն տուաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց` Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոսին։

Մարոնի համայնքի կրօնապետն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ, Պէրութի Օգնական Եպիսկոպոս Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի, Գերապատիւ Հայ Եղիա ծայրագոյն վարդապետ Եղիաեանի, Հայր Սեպուհ վրդ Կարապետեանի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Պերճ Սապէհի կողմէ։

Ծննդեան ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացող հանդիպումին ընթացքին, Մարոնի համայնքի Պատրիարքը եւ Կաթողիկէ հայոց հովուապետը փոխանակեցին Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի եւ Ամանորի զոյգ տօներու առթիւ բարեմաղթանքները։

Անոնք ապա` քառասուն վայրկեան տեւող հանդիպման ընթացքին քննարկեցին լիբանանի քաղաքական իրավիճակը ու յատկապէս` մէկ տարի եւ եօթը ամիսներէ ի վեր թափուռ մնացած Լիբանանի նախագահական աթոռի հրատապ հարցը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ ապա՝ Լիբանանցիներու դիմագրաւած ընկերային հարցերուն՝ ներառեալ  տնտեսական տագնապը, աճ արձանագրող աղքատութիւնը, ընկերային անարդարութիւնները։  Այս առընչութեամբ երկու համայնքներու Պատրիքրաները իրենց մտահոգութիւնները յայտնելէ ետք,  մաղթեցին որ  Լիբանանի քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւնները օր մը առաջ, միասնականութեամբ դիմագրաւեն Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը ինչպէս նաեւ լուծում գտնեն երկիրը յուզող զանազան այլ հարցերուն։

Սիրալիր զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ գաղթականութեան հրատապ հարցին շուրջ ու շեշտուեցաւ անհրաժեշտութիւնը միասնական աշխատանքին նաեւ համայնքային գետնի վրայ ի սպաս Լիբանանու բարօրութեան եւ լիբանանցիներու բարիքին։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.