2015-12-30 11:30:00

Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանը պիտի քննարկէ Թուրքիոյ մէջ կրակմարի դրութեանց հարցը


«Տեմոքրաթհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխնախագահ Մերալ Տանըշ Պեշթաշ Թուրքիոյ տարբեր նահանգներուն մէջ պարբերաբար յայտարարուող կրակմարի դրութեան հարցը ներկայացուցած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին:

Ան այդ քայլին դիմելու որոշումը տուած է, երբ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած է այս հարցով ներկայացուած դիմումները:

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին ներկայացուած դիմումին մէջ կը նշուի, որ 16 օգոստոսէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ 18 գաւառներու մէջ ընդհանուր առմամբ 54 անգամ յայտարարուած է անժամկէտ կրակմարի դրութիւն, որ տեւած է օրեր:

Պեշթաշ ընդգծած է, որ այդպիսով խախտուած է տեղւոյն մարդոց ապրելու իրաւունքը, անոնք ենթարկուած են բռնութիւններու եւ արժանապատուութիւնը ոտնահարող արարքներու, ինչ որ դէմ է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրին, զոր ստորագրած է նաեւ Թուրքիան:

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին ուղղուած դիմումին մէջ կը պահանջուի Թուրքիոյ ստիպել նիւթական եւ բարոյական հատուցում վճարել:








All the contents on this site are copyrighted ©.