2015-12-30 09:29:00

''Անառակ որդիի տուն վերադարձը'' առանցքը կը կազմէ Ողորմութեան Յոբելեանի մետալին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 4 Յունուար 2016ին, հանրութեան տրամադրելի պիտի ըլլայ Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանին պաշտօնական մետալը, Վատիկանի զանազան կեդրոններուն մէջ։

Մետալը կը պատկերացնէ ներողամիտ Հօր Աստուծոյ անհուն ողորմութիւնը եւ կը ներփակէ քրիստոնէական կեանքի հիմնական խորհրդանիշներն ու խօսքերը։

Մետալը ստեղծագործութիւնն է 33 ամեայ գեղարուեստագործ` Mariangela Crisciotti-ի։

Առաջին երեսին վրայ փորագրուած է ֆրանչիսկոս Պապի դիմանկարը շրջապատուած ողորմութեան արտակարգ Յոբելեան լատիներէն` ''Iubilaeum Extraordinarium Misericordiae'' գրութեամբ։ Երկրորդ երեսին կեդրոնը զետեղուած է ''անառակ որդիի վերադարձը''  Rembrandt-ի գեղանկարին վերարտադրութիւնը, ուր Հայր Աստուած իր բազուկներուն մէջ կ՛ընկալէ որդին, ու գեղանկարին շուրջ զետեղուած են հետեւեալ խօսքերը` ''յաւիտեան է Անոր ողորմութիւնը''։

Մետալը` շրջանակի մը մէջ ընդելուզուած է ճոխ խորհրդանիշներով﹒ Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը պատկերացնող որթատունկի ուռերը որ կը յիշեցնեն Աստուծոյ Ժողովուրդը ̦ Տիրոջ Այգին և Սիրամարգը` խորհրդանիշը յարութեան ու յաւիտենական կեանքին։ Ուստի յաւիտենական կեանք մը անհուն` Հօր Աստուծոյ ողորմութեան նման։








All the contents on this site are copyrighted ©.