2015-12-29 10:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ի սպաս խաղաղութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Պապ Քահանայապետ ընտրուելէն (2013) ասդին, միշտ գործած է ի սպաս աշխարհի եւ ընկերութեան խաղաղութեան։ Իր Ճառերով, շարժուձեւերով,  ուղղած կոչերով եւ հրաւէրներով ինչպէս նաեւ այս առընչութեամբ կազմակերպած ձեռնարկներով սկսեալ այն պատմական միջ-եկեղեցական աղօթքի հաւաքէն` որ կայացաւ  Վատիկանի այգիներու մէջ, 8 Յունիս 2014-ին,  մասնակցութեամբ Իսրայէլի ու Պաղեստինի նախագահներուն, Նորին Սրբութիւնը երբեք չէ զլացած աշխարհին ուշադրութեան յանձնելու խաղաղութեան կարեւորութիւնը։

Անցեալ 25 դեկտեմբերին Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ յղած Ուրպի Էթ Օրպի պատգամին մէջ Քահանայապետը շեշտեց խաղաղութեան ձգտելու հարկաւորութիւնը աղօթք բարձրացնելով Տիրոջ­, իր ծննդեանն տօնին օրը, Անորմէ հայցելով խաղաղութիւն աշխարհի։

Ֆրանչիսկոս Պապ 2013-ին կազմակերպած էր աղօթքի ու ծոմապահութեան օր մը` Միջին Արեւելքին եւ յատկապէս Սուրիոյ խախաղութեան համար։ Դեկտեմբեր 2014-ին ֆրանչիսկոս Պապ` հիմնական դեր մը ունեցաւ Քուպայի ու ԱՄՆի դիւնանագիտական կապերու վերահաստատումի գործընթացքի ծիրէն ներս այնպէս ինչպէս կարգ մը դիւանագիտական դէտերու գնահատումով Ս. Աթոռը մեծ դեր ունեցաւ նաեւ` խաղաղութեան կլոր սեղանին հաստատումին Քոլոմպիայի կառավարութեան ու ընդդիմադիր ոյժերու միջեւ։

Վատիկանի համար ու մասնաւորապէս ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար ամէն բարի կամք ունեցող անհատ կանչուած է աշխատելու աշխարհի խաղաղութեան ի խնդիր։ Հոն ուր կայ խաղաղութիւն կայ սէր, միութիւն, եղբայրութիւն։  Հոն ուր կայ խաղաղութիւն տեղ չկայ ատելութեան ու պատերազմի։ Հոն ուր կայ խաղաղութիւն` կայ նաեւ յոյս եւ հոն ուր կայ յոյս կայ նաեւ անհատներու արժանապատուութիւն։ Հոն ուր կայ խաղաղութիւն, այնտեղ բնակութիւն կը հաստատէ նաեւ Աստուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.