2015-12-29 11:45:00

Սուրբ Ծննդեան համերգ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 27 դեկտեմբերին երեկոյեան, Պէյրութի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Սուրբ Ծննդեան համերգ, հովանաւորութեամբ Արհիապատի Տ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի՝ օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի Պատրիարքական թեմին,  կատարողութեամբ Արծիւեան եւ Բլբուլ  երգչախումբերուն եւ ղեկաւարութեամբ Մայէսթրօ՝ Մանուէլ Քէշիշեանի։

Այս առթիւ արտանասած խօսքին մէջ Արհիապատիւ Տ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան ,բարձր արժեւորելով երգչախումբի անդամները, ըսաւ   Դուք ալ ձեր գեղեցիկ  երգերով կը փաստէք Յիսուս Մանուկին շնորհքը, գացէք, երգեցէք, ժպտեցէք անոնց որոնք մոռցած են Մանուկին տուած մխիթարութիւնը։ Ապա ակնարկելով սուրբ ընտանիքի տօնին ընգծեց թէ Յիսուսի Ծնունդով կատարելագործուեցաւ Սուրբ Ընտանիքին իմաստը, ապրինք եւ օրինակ տանք այն ընտանիքներուն որոնք կը հեռանան այս Սուրբ Ընտանիքի օրինակէն։

Սրբազան հայր խօսքը եզրափալելով շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ զոյգ երգչախումբերուն, ըսելով Դուք տիպար էք մեզի Աստուծոյ պատգամին, աւետիսին, երգեցէք ձեր տուներուն, փողոցներուն, աշխատավայրեուն մէջ առանց վախի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.