2015-12-29 10:06:00

Ափրիկէի մէջ միլիոնէ աւելի երեխաներ դպրոց չեն յաճախեր ահաբեկիչներու պատճառով


ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի շրջանային բաժանմունքի տնօրէն Մանուէլ Ֆոնթեն յայտնած է, որ Նիկերիոյ եւ դրացի երկիրներուն մէջ աւելի քան 1 միլիոն երեխայ դպրոցական կրթութիւն չի ստանար Պոքօ Հարամ ահաբեկչական խմբաւորման գործունէութեան պատճառով:

«Որքան անոնք աւելի երկար չեն յաճախեր դպրոց, այնքան անոնց համար աւելի մեծ է բռնութեան, առեւանգման եւ զինեալ խմբաւորումներու շարքերուն մէջ զինուորագրուելու վտանգը», ըսած է Ֆոնթեն:

Նիկերիոյ, Քամերոնի, Չատի եւ Նիկերի մէջ փակուած են աւելի քան երկու հազար դպրոցներ, զինեալները յարձակումներ կը գործեն հարիւրաւոր դպրոցներու դէմ:

Նիկերիոյ նախագահ Մոհամետ Պուհարիի կարգադրութեան համաձայն, Պոքօ Հարամի զինեալներուն դէմ զինուորական գործողութիւնները պէտք է ահաբեկչական խմբաւորման դէմ յաղթանակով աւարտին մինչեւ այս ամսուան վերջը:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ կը նշէ, որ նոյնիսկ գործողութիւններու յաջողութեան պարագային երկիրի իշխանութիւններուն համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ պայքարիլ ընկերային այն խնդիրներուն դէմ, որոնք ի յայտ պիտի գան աճող սերունդի դպրոցական կրթութիւն չստանալու պատճառով:








All the contents on this site are copyrighted ©.