2015-12-28 10:00:00

Ռայի Պատրիարքի կոչը ''Նախագահական Ընտրութեան'' անհրաժեշտութեան մասին։


Հինգշաբթի, 25 դեկտեմբերին, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. Ծննդեան առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ քաղաքական ուժերուն եւ երեսփոխանական պլոքներուն պարտականութիւնն է սերտել եւ ուսումնասիրել նախագահական ընտրութեան առումով առաջադրուած նոր նախաձեռնութիւնը, որ միջազգային զօրակցութիւն կը վայելէ:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ազգային եւ քաղաքական պարտաւորութիւնը կ՛ենթադրէ բոլոր քաղաքացիներուն համար բարենպաստ պայմաններ ապահովել:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին: Իր քարոզին մէջ, Ռայի պատրիարքը դարձեալ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը վերաշխուժացնելու:

«Երբ մենք քաղաքական ուժերը կը հրաւիրենք նախագահական ընտրութեան առումով նոր նախաձեռնութեան նկատմամբ լուրջ մօտեցում ցուցաբերելու, ապա այդ մէկը կը կատարենք, որովհետեւ նախագահական ընտրութիւնը երկրին քաղաքական հարցերուն լուծման բանալին կը նկատենք: Իսկ երբ կ՛ըսենք, որ այդ նախաձեռնութիւնը լուրջ է եւ տարբեր քաղաքական ուժերու զօրակցութիւնը կը վայելէ, ապա մենք կը զանազանենք ինքնին նախաձեռնութեան եւ առաջարկուած թեկնածուին միջեւ», ըսաւ ան` վերստին հրաւիրելով երեսփոխանական պլոքները` խորհրդակցելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, երկիրը փրկելով 18 ամսուան նախագահական թափուր աթոռի դրութենէն:

Պէտք է աւելցնել, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Ռայի պատրիարքը շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիէն եւ Սելիմ Հըսէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.