2015-12-28 10:20:00

Մեքսիքան մեծ յոյսով կը սպասէ ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) ''ֆրանչիսկոս Պապ` 12-18 Փետրուար այցելութիւն կը կատարէ Մեքսիքա։ Ան չի գար լուծելու երկրին հարցերը կամ մատնանշել դժուար կացութիւնները, այլ ամենէն առաջ բնակչութեան հետ հանդիպելու, անոնց անսալու եւ քաջալերելու զանոնք'', ըսաւ գերապայծառ Քրիստոֆ Փիթր` Մեքսիքոյի մօտ առաքելական դեսպանը։ Ֆրանչիսկոս պապին Առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է` ''առաքեալ ողորմութեան ու խաղաղութեան''։

Այցելութիւնը կը յատկանշուի բնիկներու, գաղթականներու եւ բանտարկեալներու հետ հանդիպումներով։

Նորին Սրբութեան ճամբորդութեան յայտագիրը կը նախատեսէ նաեւ ընթանալ երկրի Հարաւէն դէպի Հիւսիս հետեւելով ԱՄՆ գաղթող` գաղթականներու ճանապարհին։

Ֆրաբնչիսկոս Պապ իր 12-րդ միջազգային առաքելական այցելութիւնը պիտի փակէ ''Ciudad Juarez'' ԱՄՆի սահմանակից քաղաքին մէջ։ Վայրը որ միշտ նկատուած է որպէս վտանգաւոր։

Սրբազան Քահանայապետը  Մեքսիքա կը մեկնի յոյս ներշնչելու կաթողիկէներուն ու մասնաւորապէս երիտասարդներուն։

Մեքսիքայի այս ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին չորրորդ ճամբորդութիւնը ամերիկեան ցամաքամաս, յետ Պրազիլի (Յուլիս 2013), Էկուատոր, Պոլիվիա, Փարակուէի (Յուլիս 2015), Քուպա եւ ԱՄՆ (Սեպտեմբեր 2015)։

Սրբազան Քահանայապետը`ըստ հրապարակուած պաշտօնական յայտագրին, Մեքսիքայի մէջ յաջորդաբար պիտի այցելէ`  Mexico, Ecatepec, Tuxtla Gutiérrez, San Cristóbal de Las Casas, Morelia եւ Ciudad Juárez քաղաքները։

Նշենք այս 7-րդ անգամն է որ Քահանայապետ մը կ`այցելէ Մեքսիքան յետ ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի 5 ճամբորդութիւններուն ու Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի մէկ ճամբորդութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.