2015-12-28 11:11:00

''Դառնալ ողորմութեան ովասիս'' Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ''Թեզէի'' հասարակութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Թեզէյի էքումենիք երիտասարդական հասարակութեան 38 եւրոպական հանդիպումին առթիւ, որ տեղի կ՛ունենայ Սպանիայի Վալանս քաղաքին մէջ` 28 դեկտեմբերէն 1 յունուար 2016, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ պատգամ մը յղած է Թեզէյի երիտասարդներուն, հրաւիրելով զանոնք ըլլալ ''Ովասիսներ'' յատկապէս բազմահազար գաղթականներուն համար։ 

Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ, կը գնահատէ երիտասարդներուն ընտրանքը խորացնելու Ողորմութեան թեման ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոնց իրենց յանձնառումին  համար` ողորմութեան յոբելեանին սատարելու իրենց երիտասարդական երեւակայութեամբ եւ ստեղծագործ ուժերով։ 

Քահանայապետը ապա կը յորդորէ ունենալ ողորմութեան քաջութիւնը որ զանոնք պիտի մղէ ըլլալու մօտիկ անոնց որոնք դժուարութեան մէջ են։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ապա կը յիշէ Թեզէյի հասարակութեան հիմնադիր Եղբայր Ռոժէն  որ` ''կը սիրէր աղքատները,  ժառանգազուրկները, անոնք որոնք, ըստ երեւոյթին ոչ մէկ նշանակութիւն ունին'' եւ որ գիտցաւ ''իր կենցաղով ցոյց տալ թէ աղօթքը զօդուած է մարդկային զօրակցութեան''։

Պատգամին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը մաղթէ որ զօրակցութեան եւ ողորմութեան փորձառութեան ընդմէջէն, երիտասարդները կարենան ապրիլ երջանկութիւնը որուն կը կոչէ Աւետարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.