2015-12-28 09:30:00

Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ քահանաներուն ուղղուած պատգամը


Ինչպէ՞ս վերագտնել քահանայ ըլլալու ուրախութիւնը։

Ինչպէ՞ս զգալ  Տիրոջ կողմէ կոչեցեալին  ընծայուած շնորհն ու պատիւը։

Այսպիսի հարցադրումներ յաճախ կը մրճահարեն մեր՝ եթէ ոչ բոլորիս, բայց շատ շատերուս  միտքերը եւ կ’որոնենք անոնց պատասխանները՝ լուսաւորելու համար մեր ապագայի ճանապարհը։ Պատասխանները սահմանափակումներ կրնան չունենալ, եւ չունին,  բայց կրնան ամփոփուիլ հետեւեալ երեք “խորհուրդներուն» մէջ։

Առաջին խորհուրդը լռութիւնն է։ Երբ աշխարհահռչակ երգչուհի Մարիա Քալլասին հարցուած է թէ երգարուեստին մէջ իրեն համար ինչ բան ամէնէն կարեւորը ըլլալ կը թուի, պատասխանած  է  “լռութիւնը։ Լաւ արտասանել իւրաքանչիւր խօսքը եւ գտնել լռութեան ճիշդ պահերը» ըսած է ան։ Ինչքա՜ն ճշմարտութիւն կայ հռչակաւոր երգչուհիի կատարած  այս հաստատումին մէջ։  Արդարեւ, Լռութիւնը կը ծնի յիշողութեան մէջ անոր որ գիտէ թէ Քրիստոսին կը պատկանի։ Ահա թէ ինչու քահանան լռութեան մարդն է։ Զինք շրջապատող վտանգը՝  որքան ալ  ծածուկ ու անտեսանելի ըլլայ, մակերեսայնութիւնն է, երբ՝ կարծես վախնալով  երկնայինին հետ ներքին փոխանակումներու խորութենէն, կը նախընտրէ մնալ  խնդիրներուն եւ ինքնիր, եւ կամ փախուստի  մակերեսին վրայ։

Լռութիւնը կը հրաւիրէ  կոտրելու ստացուած միտքերու պատեանը եւ թափանցելու խնդիրներուն խորը։ Ան կ՛այլակերպէ նայուածքը, կը փոխէ կեանքը։  Դիմացինը կը դնէ  Տիրոջ քարոզիչի մտերմութեան մէջ։

Լռութիւնը կը հանդիսանայ աղօթքը նախապատրաստող պահը։

Միշտ ըսուած է որ քահանան աղօթքի մարդ մըն է. Ինչո՞ւ աղօթքը աւելի կենսական է քահանային մօտ։ Պարզապէս որովհետեւ անոր գործը իր սեփականութիւնը չէ, այլ Յիսուսին նման՝ Հօրն է։ Հետեւաբար,  անհրաժեշտ է որ ան՝ անձնուրացաբար, օգտագործելով  Եկեղեցւոյ աղօթքի զանազան ձեւերը,  սկսեալ Սուրբ Պատարագէն մինչեւ այնքան համեստ վարդարանը,  առաջնորդուի  համայն մարդկութեան հանդէպ Հօր սնուցած սիրոյ ծրագրով։ Այս կերպով քահանային աղօթքը երբեք  մենակեաց չէ։ Այն դէմքերը որոնց կը հանդիպի ան իր քահանայագործութեան ընթացքին՝  կը միջամտեն եւ կը յառաջացնեն անընդհատ վերանորոգուած բարեխօսութիւններ։

Քահանայական կոչումը կախեալ է Եկեղեցիէն՝ որ կը հրաւիրէ մարդիկ նուիրուելու Աւետարանի քարոչութեան։ Կրօնաւորը Հոգին Սուրբին մղումով կը միանայ համայնքի մը՝ որդեգրելու համար յատուկ կենսակերպ մը։  Պէտք է ըսել որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ կրօնաւորին դիմագիծը աւելի լաւ ձեւով ուրուագծուած է եւ դարձած է աւելի հրապուրիչ։ Այս պարագային կարեւոր են Ճիշդ ժամանակին եւ լաւ ձեւով արտասանուած խօսքը եւ լռութեան պահու ճիշդ ընտրութիւնը։

Երկրորդ Խորհուրդը կը վերաբերի ծէսին, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Յիսուսի կեանքին շարունակութիւնը։ Հետեւաբար, քրիստոնէական ծէսին ջատագովը Քրիստոսն է։ Ծէսը յաւիտենականութեան թափանցումն է մեր ժամանակէն ներս, տալով այն տպաւորութիւնը որ ժամանակը գոյութիւն չունի։ Այլ խօսքով, ծէսը կը միտի երկինքի, մահուընէ ետք  մեր ապրելիք կեանքին նախաճաշակը տալու։ Ահա թէ ինչու ծէսը պէտք է մատուցուի առաւելագոյն գեղեցկութեամբ։ Այս նպատակով է որ ՎԱՏԻԿԱՆ Բ.ը կատարեց մեզի ծանօթ բարեփոխութիւնները, որոնցմէ ոմանք խիստ անհրաժեշտ էին,  Սուրբ Գրութիւնը առաւելագոյնս մերձենալի դարձնելու համար Աստուծոյ ժողովուրդին։

“Առանց վարդապետին, Մեր Տիրոջ մահն ու չարչարանքը բանի պիտի չի ծառայէր» կը գրէր Արսի ժողովրդապետը։ Հետեւաբար,  պատարագի զոհի մատուցման ծաւալը կենսական է զայն հասկնալի դարձնելու եւ լաւ ձեւով ներկայացնելու համար։ Արդ,  այս մէկը մոռցուած է շատերուն կողմէ։  Եթէ Զոհի մատուցման ծաւալը մոռցուի, անկէ կը տուժէ ու կ’աղքատանայ ամոբղջ քրիստոնէական կեանքը, որովհետեւ մկրտեալին չի յիշեցուիր որ ինքն ալ պէտք է միանայ քահանային երբ ան կ’արտասանէ պատարագին վճռական խօսքերը.֊ “Ասիկա իմ մարմինս է։ Ասիկա՝ իմ արիւնս»։

Պատարագի մատուցման ծաւալի համար կարեւոր ուրիշ կէտ մըն է խոստովանանքը։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ գործող միաբանութիւններ նկատած են որ տասնեակ տարիներէ՝ ի վեր մարդիկ չեն խոստովանիր. Կարծես բողոքականական բարեփոխութիւնը գետին շահած է։ Իր մեղքերը խոստովանելով մկրտեալը կը հրաւիրէ Քրիստոսը իր շնորհներով լեցնելու իր կեանքը։ Հետեւաբար, վարդապետները պէտք է ուսուցանեն իրական ապաշխարութեան  ճանապարհները, ինչ որ կ’ենթադրէ որ նախ իրենք իրենց ապաշխարեն, ինչ որ շատ հեռու է ընդհանուր կանոն մը ըլլալէ։

Երրորդ “խորհուրդ» կը վերաբերի մտաւորական կեանքին։  Այս մասին գրեթէ չի խօսուիր այլեւս, յանպէս որպէս թէ ան կորսնցուցած է իր կարեւորութիւնը եւ առաքելութեան հրամայականները կ’արդարացնեն մշակոյթին անտեսումը։  Այս պարագային, զարգացած ընկերութեան մը  մէջ, քահանան կրնայ նկատուիլ  անշուք եւ հեղինակութիւն չունեցող անձ մը, որուն խօսքը ոչ մէկ տպաւորութիւն կը գործէ։ Մինչդեռ, պէտք չէ մոռնալ որ քահանային խօսքը նախ իրը չէ, այլ ան իր ձայնը տրամադրած է ուրիշի մը որ Տէրն է։ Քահանան մարգարէ մըն է։ Հետեւաբար կը խօսքը պէտք է  հեղինակաւոր ըլլայ, լուրջ եւ  հիմնաւորուած։  Հակառակ պարագային, ան կը գտնուի մակերեսայնութեան եւ կրկներգութեան միեւնոյն վտանգին դիմաց։ Ահա թէ ինչու քահանան պէտք է մշտական զարգացման ընթացքի մէջ ըլլայ, շփման մէջ մնայ քրիստոնեայ  մտածողներու, մտաւորականներու եւ գրականութեան վարպետներու հետ։ Եկեղեցին պէտք ունի զարգացած քահանաներու՝  սնուցանելու համար հաւատացեալներուն միտքն ու հաւատքը, մանաւանդ քարոզի եւ քրիստոնէականի ուսուցման մէջ։

Այս բոլորով հանդերձ, քահանան կոչուած է դառնալու հայծ, հոգեւոր հայր։ Դժբախտաբար,  հօր պատկերը այսօր բացակայ է ժամանակակից ընկերային կեանքէն ներս։ Հետեւաբար,  Եկեղեցիէն ներս պէտք է վերականգնել հայրութեան իմաստը՝ նախ եպիսկոպոսին մօտ, որուն քահանայագործութիւնը պէտք է վերանայուի այս լոյսին տակ, ապա քահանային մօտ՝ որուն առաքելութիւնը կը պահանջէ հաւատքի կրթութիւն մը եւ բարոյական կազմաւորում մը։

Գիտենք թէ առանձնութիւնը քահանային մեծագոյն փորձութիւններէն մէկն է այսօր։ Ինչպէս փոխարինել գորովի պակասը։ Անշուշտ գոյութիւն ունի քահանային աւանդական նուիրումը Տիրամօր։ Սակայն, միաժամանակ, պէտք է երիտասարդ վարդապետները քաջալերել վարելու  համայնքային կեանք մը ամէն անգամ որ հնարաւոր է։  Հասարակաց կեանքը  առիթ կ’ընծայէ եղբայրը տեսնել իբրեւ  Քրիստոսի ներկայութեան  խորհրդանշական ներկայութիւն մը։  Անհատապաշտական հակումները, որոնք զգալի են արեւմտեան կղերականութեան մօտ,  անշուշտ կը հակասեն այս կամեցողութեան։ Պէտք է ընդունիլ նաեւ որ  քահանայական կեանք գոյութիւն չունի առանց բարեկամութեան։ Առանց բարեկամական սիրով կապուելու մէկուն,  չենք կրնար ըսել որ կը սիրենք մարդիկը։ Ամէն բարեկամութիւն կը սկսի ընտրանքով մը. Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ որ  քահանայական մերկեանքն ալ ընտրանքի մը արդիւնքն է,  այնպէս ինչպէս Քրիստոս ընտրեց մեզ մեր մկրտութեան ժամանակ։

Այս բոլորէն  ետք, կարելի չէ չանդրադառնալ կուսակրօնութեան պարագային։ Ասիկա ոչ միայն պարզապէս կարգապահական պայման մըն է, այլ քահանայագործութեան արդիւնաւէտութեան պայման։ Այն որ կը հրաժարի կենսաբանական ընտանիք մը կազմելէ, աւելի տրամադիր կը դառնայ նուիրուելու Քրիստոսի անունով Եկեղեցւոյ կողմէ իրեն վստահուած առաքելութեան։  








All the contents on this site are copyrighted ©.