2015-12-27 13:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները Նիճերիոյ եւ Ֆիլիփինի ողբերգութիւններուն ի տես։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 27 դեկտեմբեր 2015-ին, Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, երկու հեռագիրեր ուղղեց յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, մէկը Նիճերիոյ մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Սկոսթին Քազուիայի, ի տես Նէյուի շրջանի մէջ կազի պայթումէն յառաջացած ողբերգութեան եւ միւսը Ֆիլիփինեան կղզեխումբին մէջ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Ճուզեփփէ Փինթոյին` այնտեղ տեղի ունեցող քրիստոնեաներու սպանութեան ի լուր։

Կարդինալ Փարոլին` Նիճերիոյ առաքելական նուիրակին փոխանցեց Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութիւնն ու ցաւակցութիւնները ապա Անոր աղօթքը առ Աստուած որպէսզի ննջեցեալներուն հոգիները ընկալէ իր արքայութեան մէջ։ Մինչ Ֆիլիփինեան կղզեխմբի մէջ առաքելական նուիրակին յղած հեռագիրին մէջ Կարդինալ Փարոլին յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին կսկիծն ու ցաւը ինչպէս նաեւ անոր  անմարդկային արարքին դատապարտումը։

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը մատնանշեց ապա թէ Սրբազան Հայրը կ՛աղօթէ շրջանի մէջ ապահովութեան հաստատումին ի սպաս, ինչպէս նաեւ մաղթանք կը յայտնէ որպէսզի երկխօսութեան, հանդուրժողութեան ու խաղաղութեան միջոցաւ ամէն մէկ անհատ կարենայ ապրիլ ազատութեամբ։ 

Քահանայապետը ապա բոլոր հաւատացեալները կը հրաւիրէ դատապարտելու Աստուծոյ անունով կիրակուած բռնութիւնը։

Կարդինալ Փարոլին երկու հեռագիրերը կը փակէ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւններով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.