2015-12-27 12:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 27 դեկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկսո Սրբազան Քահանայապետ, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց  որուն մէջ ըսաւ.

՝՝Սուրբ Ծննդեան ուրախալի մթնոլորտի մէջ, այս կիրակի, կը տօնախմբենք Սուրբ ընտանիքի տօնը։ Կը մտաբերեմ անցեալ սեպտեմբերին, Ֆիլատելֆիայի մէջ կայացած ընտանիքներու հետ հանդիպումս։

Բոլորին կ՝ուղղեմ իր սրտագին եւ երախտագիտութեան ողջոյններս, յատկապէս մեր այս ապրած շրջանի ընթացքին,  ուր ընտանիքը ենթակայ է անհասկացողութիւններու եւ  զանազան տեսակի դժուարութիւններու որոնք կը տկարացնեն ընտանեկան կառոյցը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց աւետարանական ընթերցումին քաղուած Ղուկասի Աւետարանէն  ուր կը խօսուի Սուրբ Ընտանիքի երուսաղէմ կատարած ուխտագնացութեան հաստատելով, թէ այսօրուայ Աւետարանը կը մղէ ամէն մէկ ընտանիք ընկալելու Նազարէթի տունէն բխած յոյսի լոյսը։

''Յիսուսի ընտանիքը՝ իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար, յատկապէս ընտանիքներուն համար, Աւետարանի ճշմարիտ դպրոցն է։  Հոն՝ կը սորվինք, թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ընտանիք, կոչուած  է ըլլալու տնային եկեղեցի, ճառագայթելու համար աւետարանի առաքինութիւնները եւ դառնալու բարիին թթխմորը ընկերութեան մէջ։ Սուրբ Ընտանիքին  յատկանիշներն են՝ ամփոփում, աղօթք, փոխադարձ հասկացողութիւն ու յարգանք, զոհողութեան հոգի, աշխատանք ու աջակցութիւն։ Սուրբ Ընտանիքի օրինակէն ու անոր վկայութենէն, ամէն մէկ ընտանիք կրնայ արժէքաւոր նշաններ քաղել՝ ապրելակերպի եւ կեանքի ընտրանքներուն համար.  Սուրբ Կոյս Մարիամն ու Սուրբ Յովսէփը կ՝ուսուցանեն մեզի ընկալելու զաւակները, որպէս Աստուծոյ պարգեւ, եւ զանոնք աճեցնելու եւ դաստիարակելու՝ Աստուծոյ ծրագիրին  համաձայն եւ պարգեւելու աշխարհին ու իւրաքանչիւր մանուկին նոր ժպիտ մը՝՝ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով ճշմարիտ ուրախութեան վրայ ըսաւ.

''Իսկական ուրախութիւնը կը փորձարկուի ընտանիքին մէջ, որ պատահական իրողութիւն մը չէ։  Այլ՝ Ուրախութիւն մը ՝ որ պտուղն է անձերու միջեւ ներդաշնակութեան, որ համտեսել կու տայ միասին ապրելու գեղեցկութեան,  իրար զիրար թիկունք կանգնելով՝ կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին։Եւ այս ուրախութեան հիմը կը կազմէ Աստուծոյ ներկայութիւնը. Անոր ընկալող սէրը, ողորմած ու համբերատար բոլորին հանդէպ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով ընտանինքները բանալու իրենց դռները Աստուծոյ ներկայութեան ու անոր սիրոյն ապա թէ ոչ կը կորսուի ներդաշնակութիւնը,  կը տիրապետէ անձնասիրութիւնը եւ կը փառատի ուրախութիւնը։ Մինչ՝ ընտանիքը, որ կ՝ապրի հաւատքի ուրախութիւնը եւ զայն կը  հաղորդէ,  կը դառնայ աղը երկրին ու լոյսը աշխարհին եւ  թթխմորը համայն ընկերութեան՝՝։

Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Յիսուսի, Մարիամի ու Յովսէփի հովանին՝ աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն համար, որպէսզի անոնց մէջ իշխէ ուրախութիւնն ու անդորրութիւն, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը , որ Քրիստոս ծնելով՝ որպէս պարգեւ շնորհեց համայն մարդկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.