2015-12-25 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 25 դեկտեմբեր 2015-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն Հռոմի ու Համայն աշխարհին ուղղեց '' Urbi et Orbi '' Սուրբ Ծննդեան աւանդական պատգամը որուն աւարտին Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւնները ներկայացուց ըսելով` ''Ձեզի սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր որ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած էք այս հրապարակը. ու բոլոր անոնց որոնք զանազան երկիներէն Ռատիոյի, հեռուստակայանի, եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներով կապուած էք կ՛ուղղեմ իմ ամենաջերմ մաղթանքս.

Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ Ծնունդն է` ասոր համար բոլորին կը մաղթեմ` սեփական կեանքէն ներս կարելիութիւնը ունենալ հիւրընկալելու Աստուածային ողորմութիւնը զոր պարգեւեց Յիսուս Քրիստոս որպէսզի մենք ալ ըլլանք ողորմած մեր եղբայրակիցներուն հետ։ Այսպէսով պիտի տարածենք եւ աճեցնենք խաղաղութիւնը։

Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.