2015-12-25 09:07:00

Պշարա Ռայի պատրիարքին կոչը ամէնէն արագ միջոցին ընտրելու հանրապետութեան նախագահ:


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Պքերքէի մէջ արտասանած իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց երեսփոխանական պլոքներուն օգտուելու նախագահական ընտրութեան առումով առաջադրուած նախաձեռնութենէն եւ ամէնէն արագ միջոցին ընտրելու հանրապետութեան նախագահը:

Ան դրուատեց սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող թիւ 2254 միջազգային բանաձեւը` շեշտելով սակայն, որ անոնց տունդարձը պէտք չէ կամովին ըլլայ` ինչպէս նշուած է բանաձեւին մէջ, այլ` պարտադիր, որպէսզի անոնք կարենան իրենց հայրենիքին մէջ ապահովել իրենց իրաւունքները:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ազգային պատասխանատուութիւն մըն է, որ միայն քրիստոնեայ համայնքով, յատկապէս մարոնի համայնքով չէ սահմանափակուած, այլեւ` նախագահը երկիրը, ժողովուրդն ու պետութիւնը կը ներկայացնէ:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ Ազգային ուխտին եւ արդար ներկայացուցչութեան հիման վրայ մշակելու ընտրական օրէնք մը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորեց պատրիարքը:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց բանակին զոհողութիւնները` մաղթելով, որ առեւանգուած բանակայինները ամէնէն մօտիկ ապագային ազատ արձակուին:

Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց բանակը եւ անոր սպաներն ու զինուորները, յատկապէս անոնք, որոնք կը գտնուին լեռնային շրջաններու մէջ եւ կը հսկեն լիբանանեան սահմաններուն անվտանգութեան:

Իր կարգին, զօր. Քահուաժի շնորհակալութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին` բանակին նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար. ան ընդգծեց, որ բանակը եղած է Լիբանանի պահապանը եւ ամէն գնով պիտի շարունակէ պաշտպանել երկիրը:

Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ իր կարգին այցելած է Ռայի պատրիարքին, որուն հետ քննարկած է լիբանանեան վերջին իրադարձութիւնները եւ անոր ներկայացուցած լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.