2015-12-24 09:38:00

Մարոնի համայնքը նոր եկեղեցի մը կառուցած է Դամասկոսի աւերներու մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հակառակ զինեալ ընդհարումի իրավիճակին որ հինգ տարիէ կը գոյատեւէ Սուրիոյ մէջ­, Դամասկոսի մարոնի եկեղեցին կը պատրաստուի օծել  Դամասկոսի Քաշքուլ թաղամասի մէջ̦ կառուցուած նոր եկեղեցին։ Օծման արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 8 Յունուար 2016-ին։ ''Նորակառոյց եկեղեցին նուիրուած է Դամասկոսի մէջ նահատակ երանելի Մասապքի եղբայրներուն որոնք սպաննուած են 1886 թուականին'' կը հաղորդէ Դամասկոսի մարոնի առաջնորդը Սամիր արքեպիսկոպոս Նասար, եկեղեցւոյ կառուցումը նկատելով` ճշմարիտ ծննդեան նուէր։

Առաջնորդը նպատակադրած է կառուցել երեք փոքրիկ եկեղեցիներ մայրաքաղաքի երեք թաղամասերու մէջˋ Քաշքուլ̦, Տուայլա և Ժարամանա։ Այս երեք վայրերը կը ծառայեն ամրապնդել քրիստոնեայ հասարակութիւնները կազմակերպելով կրօնուսուցում̦, աստուածաշնչական հանդիպումներ ու աղօթքի ու եղբայրակցութեան երեկոյթներ։

Ընդհարումի ընդմէջէն` Քրիստոս կը շարունակէ իրեն քաշել հաւատացեալները։ Եկեղեցի մը կառուցել պատերազմի ու կործանումի մէջ ̦ կը նշանակէ յաղթութիւն տանիլ մահուան վրայ ու ներշնչել քաջութիւնը հաւատքը ապրելու, ընդգծած է Մարոնի եպիսկոպոսը աւելցնելով  ''Մեր արի հաւատացեալները ընտրեցին քաղաք մնալ ու ընթանալ հակահոսանք, իրենց յոյսն ու վստահութիւնը դնելով Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Այս տարի Դամասկոսի մէջ Ծնունդը պիտի ըլլայ նաեւ Յարութեան տօն յայտնած է գերապայծառ Սամիր Նասար։








All the contents on this site are copyrighted ©.