2015-12-23 14:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապ արժանացաւ ''Քարլօ Մանիօ'' անուան միջազգային մրցանակին


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ արժանացաւ Գերմանիոյ Աքուսկրանա քաղաքի  2015 թուականին '' Քարլօ Մանիօ'' 2015  մրցանակին, այս մասին հաղորդեց մրցանակի  տնօրէնը։

Գերմանիոյ Աքուսկրանա քաղաքի Քարլօ Մանիօ միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը կը կատարուի ամէն տարի, ան նկատուած է եւրոպական ամէնակարեւոր մրցանակներէն մին, որ ընդհանրապէս կը շնորհուի  այն անձնաւորութիւններուն կամ կազմակերպութիւններուն որոնք գործած են Եւրոպական միութեան ի սպաս։

Վերոնշեալ մրցանակի տուչութեամբ, կազմակերպիչները ուզեցին գնահատել Ֆրանչիսկոս Պապին ջանքերն ու անոր քաջալերանքը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեամբ ու յոյսով լի անոր պատգամները ի սպաս խաղաղ համակեցութեան եւ աւելի հզօր եւրոպայի''։ Այս առթիւ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ապա կը նշուի թէ Ֆրանչիսկոպս Պապը կը պատգամէ ''արժէքներու հասարակութիւն մը, մարդկութեան նշանակութիւնը, կենսամիջոցներու  պաշտպանութիւնը եւ մշակոյթներու ու կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը եւրոպական գետնի վրայ''։

Մրցանակի տուչութիւնը որ ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ Աքուսկրանա քաղաքին մէջ Համբարձման տօնի օրը, այս անգամ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ, որուն թուականը տակաւին անորոշ է։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ երկրորդ Քահանայապետն է որ այս մրցանակին կ՛արժանայ, իրմէ առաջ` նոյն մրցանակը տրուած է նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին` 2004 թուականին։ 

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի` Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը այս մրցանակի մասին` Ռատիովատիկանի հետ  ունեցած ելոյթի մը ընթացքին յայտնած է թէ այս առաջին անգման է որ ոչ եւրոպացի քահանայապետ մը կ՛արժանանայ եւրոպական մրցանակի եւ թէ այս առաջին անգամն է որ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ընդունի իրեն շնորհուած մրցանակ մը եւ թէ այս առընչութեամբ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իրեն յայտնած է թէ մրցանակը ընդունած է. որովհետեւ զայն կը նկատէ ''խաղաղութեան մրցանակ'' ոչ թէ շնորհուած իր անձին` այլ որպէս առիթ խաղաղութեան ի սպաս նորոգուած պատգամի մը յատկացուած եւ նուիրուած համայն եւրոպական ցամաքամասին որ տակաւին կը շարունակէ կերտել խաղաղութիւնը  ու կարող է մեծ դեր մը ունենալ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատումի գործընթացքին մէջ








All the contents on this site are copyrighted ©.