2015-12-23 10:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ, աղքատները եւ Ողորմութեան ս. Ծնունդը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ օրերուն կը գլխաւորէ Սուրբ Ծննդեան ու Ամավերջի արարողութիւնները մինչ այսօր` չորեքշաբթի 23 դեկտեմբերին, հրապարակային ունկնդրութիւնը տեղի պիտի չունենայ։

2015-ի Սուրբ Ծննդեան տօնը կը զուգադիպի Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն ծիսակատարութիւններու ծիրէն ներս, որուն պատգամը եւ կոչը ողորմութեան` կը հրաւիրէ քրիստոնեաները միշտ աւելի մեծ ուշադրութեամբ որոնելու Մանուկ Յիսուսը` արուարձաններու ''մսուրներու'' մէջ, այնտեղ ուր ընդհանրապէս գունաւոր լոյսերը չեն հասնիր ու կաղանդ պապիկները չեն երգեր ու պարեր, այնպէս ինչպէս կը պատահի աշխարհի բազմազան վայրերու մէջ։

''Եթէ կ՛ուզես զԱստուած գտնել զայն փնտռէ խոնարհութեան մէջ, աղքատութեան մէջ։ Զայն փնտռէ այնտեղ ուր թաքնուած է` կարիքաւորներուն, հիւանդներուն, անօթիներուն ու բանտարկեալներուն մէջ'', ըսած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անցեալ օրերուն, Հռոմի Քարիթասի Ողորմութեան Սուրբ Դուռի բացումը կատարելով։

Գուցէ ասոնք պիտի ըլլան նաեւ Քահանայապետին զգացումները յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած ծիսակատարութիւններու ընթացքին. Ծննդեան Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը` 24 դեկտեմբերի երեկոյեան եւ 25 դեկտեմբերի Սուրբ Ծննդեան  ''Urbi et Orbi - Հռոմի ու Համայն աշխարհի'' ուղղած Ծննդեան պատգամն ու առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.