2015-12-23 09:51:00

Հալէպի բնակիչները իրենց 5րդ Ծնունդը կ՛անցնեն ռմբակոծումին տակ։


(Ռատիօ Վատիկան) Այս 5-րդ տարին է որ Հալէպի քրիստոնեաները մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ս. Ծննդեան տօնախմբութիւնը կ՛անցնեն պատերազմի մէջ ռմբակոծումներու տակ։ Հաւատացեալներու սիրտը թախիծով լեցուն է կը գրէ կրօնաւորուհի Անի` տառապող եկեղեցւոյ ընկերակցութեան կայքի էջին վրայ։

Բնականաբար հաւատացեալները եկեղեցի պիտի երթան սակայն զրկուած են այն ուրախութենէն որ կ՛ապրէի տարիներ առաջ։

Բազմաթիւ ընտանիքներու զաւակները արտերկիր գաղթած են ծնողները առանձին մնացած են։ Ամէն տուն տխուր պատմութիւն մը կ՛ապրի,  մարդիկը սակայն իրենց վստահութիւնը դրած են Աստուծոյ վրայ։

Ծագումով հայ Քոյր Անի̦ որ անդամ է Յիսուս-Մարիամ կոչուած միաբանութեան կ՛աշխատի նուէրներ պատրաստել մանուկներուն ու քրիստոնեայ դերձակներէն կ՛ապսպրէ նոր զգեստ կարել կարօտեալներուն համար։ Ներկայիս Հալէպի մէջ կ՛ապրին փոքրաթիւ քրիստոնեաներ շատ դժուար պայմաններուն մէջ, ուր յաճախ բնակչութիւնը զրկուած է ջուրէն ու ելեկտրականութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.