2015-12-23 11:40:00

Vatican.va կայքէջը քսան տարեկան։


(Ռատիօ Վատիկան) 25 Դեկտեմբեր 1995-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի որոշումով ընթացք կ՛առնէր Vatican.va կայքէջի գործունէութիւնը։ Մարգարէական մէկ ձեռնարկ մը, երբ ''ցանցը'' այդքան ալ տարածուած չէր եւ ոչ ալ կարելի էր նախատեսել անոր զարգացումը, ինչպէս նաեւ ''ընկերային ցանցերու'' ծնունդը։ Կայքէջը սկիզբ առաւ Քահանայապետին ''Urbi et Orbi'' առաքելական օրհնութեան հրատարակումով։

''Եկեղեցին ուզեց ներկայ գտնուիլ այդ նոր աշխարհին մէջ։ Եկեղեցին կը քալէ ժամանակակից մարդուն հետ ու անոր կ՛ընկերանայ'', ըսաւ Վատիկանի համացանցի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն եւ Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան ընդհանուր  քարտուղար`  գերապայծառ Ատրիան Ռոյզ, արտայայտուելով վերոնշեալ տարեդարձին մասին։ Ան ապա ակնարկեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կարգախօսին ''Մի Վախնաք, բացէ՛ք, լայն բացէք ձեր դռները'' եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այլ կարգախօսին ''Բացէք Եկեղեցւոյ դռները եւ ընթացէք դէպի միւսը''....հովուական ընթացք մը` Անվախ ընթանալ դէպի յառաջ։ Միսիոներական նոր ճանապարհ մը որ Եկեղեցին կը մղէ դէպի այն վայրերը ուր մարդը կ՛ապրի։ Եւ երբ վայրի մասին կը խօսինք, կը խօսինք հանդիպումի մասին ու հարց տալու ենք թէ ի՞նչ կարող տանիլ մենք` որպէս եկեղեցի, այդ հանդիպումին, նա մանաւանդ երիտասարդներուն` որոնք այսօր  մեծապէս կ՛օգտագործեն ''ցանցային'' վայրերը ուր կը յայտնեն իրենց զգացումները, կ՛ապրին իրենց առօրեան, կը հաղորդակցին ուրիշներուն հետ եւ կ՛արտայայտեն իրենց գաղափարներն ու իրենց կեանքի ակնկալիքները. ըսաւ միշտ Հայր Ատրիան Ռոյզը աւելցնելով թէ ''Մենք  որպէս եկեղեցի կը գտնուինք մարտահրաւէրի դիմաց այն է հասկնալ այդ վայրին նշանակութիւնը ու զարգացնել հանդիպման մշակոյթ մը Աստուծոյ եւ մերձաւորին հետ։

''Համացանցը Աստուծոյ պարգեւ մըն է'' ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապը սակայն հասկնալու ենք թէ ինչ ձեւով կարելի է այդ ցանցի միջոցաւ հասնիլ բոլորին ու անոնց փոխանցել Աստուծոյ Ողորմութեան պատգամը` Հայր մը որ միշտ պատրաստ է մեզ ներելու ու մեզ կ՛ընկալէ քնքշութեամբ եւ ողորմած սրտով։  Համացանցը` մարդկային ցանց մըն է որ կրնայ դառնալ սիրոյ եւ ողորմութեան քրիստոնեայ ցանց մը, ամենուրէք տանելու համար Աստուծոյ սէրը մինչեւ աշխարհի կատարածը- ըսած է ապա Հայր Ռոյզ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.