2015-12-22 10:39:00

Սպանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած են պահպանողականները


«Տէօչէ Վելլէ» կը գրէ, որ Սպանիոյ մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրած է իշխող պահպանողական Ժողովրդական կուսակցութիւնը` երկրի վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի գլխաւորութեամբ:

Քուէներու հաշուարկէն ետք, իշխող կուսակցութիւնը ապահոված է Սպանիոյ երկպալատ խորհրդարանի 350 աթոռներէն 123-ը:

Սպանիոյ Ընկերվարական աշխատաւորական կուսակցութիւնը ստացած է 90 աթոռ, ընդդիմադիր Փոտեմոս կուսակցութիւնը` 69, Քաղաքացիներ կուսակցութիւնը` 40:

Նկատի ունենալով, որ խորհրդարան մուտք գործած են չորս կուսակցութիւններ, համախոհական կառավարութեան կազմութեան համար ստեղծուած է բարդ իրավիճակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.