2015-12-22 10:58:00

Յունուար մէկին Ֆրանչիսկոս Պապ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի սուրբ դրան բացումը կը կատարէ։


«Ոչ միայն արդարք մտանեն ի դուռն Տեառն. այլ եւ մեղաւորք խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ արդարացեալ մտանեն ընդ սա» (Կարգ դռնբացէքի): 
«Ոչ թէ միայն արդարները կը մտնեն, այլ նաեւ մեղաւորները, որոնք խոստովանութեամբ և ապաշխարութեամբ արդարանալէ յետոյ կրնան մտնել անկէ»:

(Ռատիօ Վատիկան) 2016 տարուայ առաջին օրը, ուրբաթ 1 յունուար 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի մէջ, կը գլխաւորէ Ողորմութեան Յոբելեանի դռնբացէքի արարողութիւնը ու ապա Մարեմեան Մայր տաճարին մէջ կը մատուցէ 2016-ի անդրանիկ Սուրբ Պատարագը։

Ողորմութեան Յոբելենական սուրբ տարին սկիզբ առաւ անցեալ 8 դեկտեմբեր 2015-ին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը ''Հօր նման ողորմած'' բնաբանով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ պատարագով ու Սուրբ Պետրոս տաճարին սուրբ դրան բացման արարողութեամբ որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը։ Սուրբ Պետրոսի սուրբ դրան բացումէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապ` Ափրիկեան ցամաքամաս կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս կանխաւ բացումը կատարեց նաեւ Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք Պանկիի աթոռանիստ եկեղեցւոյ Սուրբ Դուռին։ Ապա 13 դեկտեմբերին գլխաւորեց Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Մայր Տաճարի դռնբացէքի արարողութիւնը հուսկ` 18 դեկտեմբերին, բացումը կատարեց Հռոմի Քարիթասի ողորմութեան սուրբ դուռին։

Զղջումով եւ ապաշխարութեամբ, այսինքն՝ կատարելով Ապաշխարութեան եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդներն ու խորհրդանշական «Սուրբ Դռնէն» անցնելով, հաւատացեալները կը ստանան լիակատար ներողութիւն եւ իրենց ներկան կ՛ապրին ճշմարիտ քրիստոնեայի կեանքով, համաձայն Տէրունական խօսքին. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մատթ. 5.7):








All the contents on this site are copyrighted ©.