2015-12-22 10:09:00

Հայաստանի տնտեսութիւնը Յունուար- Նոյեմբերին աճած Է 2,9 առ հարիւրով


«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վիճակագրական ծառայութիւնը ներկայացուցած է երկրի ընկերային-տնտեսական վիճակը բնութագրող ընթացիկ ամփոփումով ստացուած նախնական հիմնական ցուցանիշները, ըստ որոնց, Հայաստանի տնտեսութիւնը յունուար-նոյեմբեր ամիսներուն 2,9 առ հարիւրով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը: Երկարատեւ աճէ ետք, դարձեալ անկում արձանագրուած է շինարարութեան մարզին մէջ: Նաեւ նուազած են առեւտուրի արտաքին եւ ներքին շրջանառութեան ցուցանիշները:

Շինարարութեան ծաւալը նուազած է 3,1 առ հարիւրով: Ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալը աճած է 1,4 առ հարիւրով: 2014-ի յունուար-նոյեմբերի համեմատ ընթացիկ տարուան մէջ ծառայութիւններուն ծաւալը (առանց առեւտուրի) աճած է 3 առ հարիւրով, իսկ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրութեան ծաւալը պահպանած է երկնիշ աճի ցուցանիշը` 11,6: Առեւտուրի շրջանառութիւնը նուազած է  7,1 առ հարիւրով:

Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը 2014-ի յունուար-նոյեմբեր ժամանակաշրջանին համեմատ 4,6 առ հարիւրի աճ արձանագրած է: Սպառողական գիներու ցուցանիշը աճած է 4,1 առ հարիւրով, իսկ արդիւնաբերական արտադրութեան գիներու ցուցանիշը նուազած է 1,5 առ հարիւրով: Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը աճած է 8,5 առ հարիւրով` կազմելով 181 հազար 412 դրամ: Արտաքին ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները 2014-ի յունուար-նոյեմբեր ամիսներուն համեմատ նուազած են 20,6 առ հարիւրով (4 միլիառ 313,6 միլիոն տոլար), արտածումը նուազած է 4,7 առ հարիւրով (1 միլիառ 345,2 միլիոն տոլար), իսկ ներմուծումը նուազած է 26,2 առ հարիւրով (2 միլիառ 968,4 միլիոն տոլար): Դրամի փոխարժէքը ամերիկեան տոլարին համեմատ յունուար-նոյեմբերին եղած է 477,46:








All the contents on this site are copyrighted ©.