2015-12-22 10:34:00

Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը կը հրաւիրէ քրիստոնեաները Ս. Երկիրը այցելել։


(Ռատիօ Վատիկան) Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը հրաւէր ուղղած է աշխարհի  քրիստոնեաներուն այցելելու Ս· Երկիրը։ Հրաւէրը պարունակուած է Պատրիարքին Սուրբ Ծննդեան առթիւ հրատարակած պատգամին մէջ։ Ան կը գրէ ''Ձեր Ս. Երկիր կատարած  ուխտագնացութեամբ դուք կը գործէք վասն խաղաղութեան եւ յոյս կու տաք Միջին Արեւելքի բնակիչներուն''։ Ան ապա կը գրէ ''ողորմութեան Յոբելեանի ընթացքին մի մոռնաք ահաբեկչութեան զոհերը եւ բոլոր անոնք որոնք արտահան եղան իրենց ետին թողելով տուն ու ստացուածք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.