2015-12-22 09:16:00

«Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնին Մէջ.Ս.Ծնունդին եւ ամանորին նուիրուած Տարեցներուն հաւաք


Հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին, երէկ` երկուշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, կեդրոնի տարեցներու տան մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութեան վերածուած Ս. Ծնունդին եւ Ամանորին նուիրուած հայ տարեցներու հաւաք` ներկայութեամբ կեդրոնին մնայուն կերպով թիկունք կանգնող նախկին երեսփոխան եւ նախարար մեթր Ժաք Չուխատարեանի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէի եւ Պուրճ Համուտի մէջ ապրող եւ կեդրոնի ընտանիքին մաս կազմող տարեցներու:

Օրուան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ նշեց, թէ կեդրոնը իր գործունէութիւնը կ՛իրականացնէ շնորհիւ նուիրեալ անձնակազմին, որ իր բոլոր ճիգերը ի գործ կը դնէ իրականացնելու իւրաքանչիւր անհատի վրայ դրուած պատասխանատուութիւնը: Ան ըսաւ, որ կեդրոնի աշխատանքներուն անցեալին մօտէն կը հետեւէր երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, որ այսօր մեզի հետ չէ ու երկինքէն կը բարեխօսէ:

Տոքթ. Եափուճեան յայտնեց, որ աշխատանքը պէտք է շարունակուի եւ կը շարունակուի, քանի որ կեդրոնին առաքելութիւնը սրբազան է եւ մարդկային: Ան մեծապէս գնահատեց Հայ կաթողիկէ աղքատախնամին ներդրումը` նշելով, որ անիկա երբեք չզլացաւ, բոլոր կարիքներուն հասաւ եւ թիկունք կանգնեցաւ: Իր խօսքի աւարտին, տոքթ. Կոստան Եափուճեան մաղթեց, որ Նոր տարին ըլլայ բարի, տարեցներուն նուիրէ երկար կեանք եւ առողջութիւն:

Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որ նշեց, թէ շատ գեղեցիկ է Քրիստոսի ծնունդին տօնակատարութիւնները սկսիլ պապուկներուն ժպիտ պարգեւելով, որովհետեւ մեր պապուկները եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին սիւներն են, եւ անոնք մաս կը կազմեն համայնքին: Գերապայծառը յայտնեց, որ կեդրոնի տարեցներուն հոգատարութիւնը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի շնորհիւ բարերարներու եւ ի մասնաւորի մեթր Ժաք Չուխատարեանի ճիգերուն, որպէսզի ժպիտ պարգեւուի մեր ծերունիներուն` առողջ միջավայրի մէջ: Գէորգ եպս. Ասատուրեան հաստատեց, որ տարեցներուն ուրախութիւնը իւրաքանչիւր անհատի ուրախութիւնն է, եւ անոնց հոգատարութիւնը` մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնը:

«Շնորհիւ մեթր ժաք Չուխատարեանին այս կեդրոնը կենդանի պահուեցաւ, ոտքի է եւ կը գոյատեւէ: Աղքատախնամ միութիւնը միշտ պատրաստ է ծերերուն կողքին ըլլալու, ծերերն ալ մաս կը կազմեն եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին», ըսաւ գերապայծառը:

Հաւաքի պաշտօնական խօսքերէն ետք ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ: Օրուան հանդիսավարն էր Փաթիլ Մկրտիչեան: Տարեցները ուղերձներով եւ երգերով բերին իրենց մասնակցութիւնը: Տարեցներու տօնակատարութեան աւարտին այցելեց Կաղանդ պապան եւ ներկաներուն բաժնեց նուէրներ: Զմմառու վանքը այս առիթով ներկաներուն նուիրեց Զմմառու վանքի գինիներէն: Հաւաքը իր մթնոլորտով շրջանի տարեցներուն պարգեւեց ուրախութիւն եւ ստեղծեց տօնական ուրախ մթնոլորտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.