2015-12-21 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին բարեմաղթական ուղերձը Վատիկանի պաշտօնեաներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 21 դեկտեմբեր 2015-ի կէսօրին, Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ  Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի բոլոր պաշտօնեաներուն ու այս առթիւ արտասանած խօսքին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին`  անոնց տածած աշխատանքին ու իրենց յանձնառումին այդ աշխատանքը լաւապէս կատարելու համար ու քաջալերեց բոլոր ներկաները յառաջ ընթանալու համագործակցութեան եւ համբերութեան հոգիով եւ իրարու նեցուկ կանգնելով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ուզեց ներողութիւն խնդրել Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող գայթակղութիւններուն համար ու հրաւիրեց բոլորը միասնաբար դիմելու աղօթքին, աղօթելով գայթակղութիւնները պատճառած բոլոր անձերուն համար որպէսզի անոնք որ սխալեցան ապաշխարեն եւ վերագտնեն ուղիղ ճանապարհը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց Վատիկանի պաշտօնեաները խնամք տանելու իրենց ընտանիքներուն ու զաւակներուն զանց չընելով ամուսնական կեանքը որ կը նմանի ''բոյսի մը որ կարիքը ունի առօրեայ խնամքի''։ Ամուսնութիւնը ողջ իրողութիւնը մըն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով սիրոյ կարեւորութիւնը ամուսնական կեանքէն ներս. սէր հանդէպ զաւակներուն ու սէր իրարու միջեւ։

Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց  ողորմութեան ու հրաւիրեց շեշտը դնել ողորմութեան վրայ առօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ, ամուսնոյն ու կնոջ, ծնողներուն եւ զաւակներուն ու եղբայր ու քոյրերու միջեւ ինչպէս նաեւ ու յատկապէս մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու խնամակալութեամբ։

Յոբելեանը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ապրուելու է նաեւ տնային եկեղեցւոյ մէջ եւ ոչ միայն մեծ ձեռնարկներու ընթացքին։ Ընդհակառակը Տէրը կը սիրէ անոնք որոնք ողորմութիւնը կ՛ապրին սովորականութեան մէջ։ Ահա թէ ինչ կը փափաքիմ մաղթել` ''փորձարկել ողորմութեան ուրախութիւնը սկսեալ ձեր ընտանիքներէն''։

Իմ ողջոյնս եւ իմ բարեմաղթութիւններս փոխանցեցէք ձեր սիրելիներուն, ծերունիներուն եւ հիւանդներուն։ Շարունակեցէք աղօթել ինծի համար։ Դարձեալ շնորհակալութիւն եւ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.