2015-12-21 09:49:00

Սարգսեան – Ալիեւ հանդիպումը վերջ գտաւ առանց արդիւնքի


19 դեկտեմբեր 2015-ին, Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն  միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ջանքերուն ծիրին մէջ:

Երկու նախագահներուն հանդիպումէն ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հայաստանցի լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ  Հայաստանը կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու բանակցութիւնները` բացառապէս խաղաղ միջոցներով հասնելու տագնապի լուծման:

«Մեր հանրապետութեան նախագահի այս վեհաժողովին մասնակցութիւնը ատիկա կը փաստէ, մեր մօտեցման մասին կը խօսի, որ Հայաստանը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` շարունակելու եռանախագահներուն հետ ջանքերը` ուղղուած տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման», ըսաւ Նալբանդեան:

Սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ ցաւօք, այսօր եւս յստակ դարձաւ, որ կողմերուն մօտեցումները չեն համընկնիր: Այդ գծով ան  մեղադրեց Ազրպէյճանը: «Կողմերը արտայայտեցին իրենց մօտեցումները տագնապի  խաղաղ լուծման զանազան տարրերու, զանազան սկզբունքներու շուրջ, որոնք  ներկայացուած են եռանախագահներուն կողմէ, եւ կրնան անգամ մը եւս  վերահաստատել, որ ցաւօք` մօտեցումները կողմերուն մօտ չեն համընկնիր: Բայց այստեղ ոչ միայն Ազրպէյճանի մօտեցումները չեն համընկնիր ու մօտ չեն Հայաստանի մօտեցումներուն, այլեւ Ազրպէյճանի մօտեցումները, կարելի է ըսել, որ չեն համընկնիր եւ չեն համապատասխաներ եռանախագահող երկիրներու առաջարկներուն»:

Էդուարդ Նալբանդեան տեղեկացուց, թէ բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած է սահմանային դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման հարցը, որուն հետ կապուած` հայկական կողմը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը: Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանին, «համանախագահները պատասխանի կը սպասեն», ըսաւ Նալբանդեան:

«Այսօր նոյնպէս նախագահները քննարկած են այդ մեքանիզմի ստեղծման առաջարկը եւ  վերահաստատուած, որ հայկական կողմերը ներկայացուցած են իրենց արձագանգը այդ առաջարկներուն: Սեպտեմբերին ալ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին  եռանախագահները վերահաստատեցին, որ Հայաստանը ընդունած է, իսկ Ազրպէյճանէն  կը սպասեն, որ ան ալ ընդունի:








All the contents on this site are copyrighted ©.