2015-12-21 09:15:00

Կարդինալ Փարոլին Ողորմութեան Յոբելեանի Ծննդեան պատարագ կը մատուցէ թմրամոլներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 22 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին կարդինալ Փարոլին` Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը Ողորմութեան Յոբելեանի Ծննդեան պատարագ կը մատուցէ թմրամոլներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն Հռոմի Հայր ''Մարիօ Փիքքի'' անուան զօրակցութեան կեդրոնին մէջ։

Ս. Զոհին կը մասնակցին խումբ մը գաղթականներ որոնք հիւրն են վերոյիշեալ կառոյցին։

Նշենք որ երանելի Պօղոս Զ. եւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապերը զանազան անգամներ այցելած են աւելի քան 45 տարիէ ի վեր գործող սոյն կառոյցը  ։

60-ական տարիներէն ասդին ''Մարիօ Փիքքի'' անուան զօրակցութեան հաստատութիւնը ընդլայնեց իր գործունէութիւնը բազմաթիւ կեդրոններ  բանալով Հռոմի ու Լացիօ մարզին մէջ։ Անիկա ոչ միայն կը խնամէ թմրամոլները այլ եւ կը զբաղուի բնակարանային  ''Սիտա'' (Aids) հիւանդներով ու ծերուկներով, ինչպէս նաեւ  հոգ կը տանի անօճախներուն, գաղթականներուն, փախստականներուն ու քաղաքական ապաստանութեան դիմողներուն։

Հայր ''Մարիօ Փիքքի'' զօրակցութեան կեդրոնը վերջերս բացած է նաեւ ''Լա Քազա'' կոչուած տունը ի նպաստ մտային եւ զգացական հիւանդութենէն տառապողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.