2015-12-21 09:52:00

Եթովպիոյ մէջ սովահարներուն թիւը գերազանցած է 8 միլիոնը


«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Ժազիրա»-ին, կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները յայտնած են, որ ներքին տագնապները, կիզիչ քամիները եւ աւերիչ անձրեւները սովահարներու թիւի կտրուկ աճ պատճառած են Արեւելեան Ափրիկէի շրջաններուն մէջ, մասնաւորաբար Եթովպիոյ մէջ, ուր շուրջ 8,2 միլիոն մարդ պարենային օգնութեան խիստ կարիք ունի:

ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու համակարգման վարչութենէն յայտնած են, որ անկայուն եղանակը, ինչպէս կը սպասուի, պիտի տեւէ մինչեւ 2016-ի սկիզբը, իսկ «պարենային անվտանգութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի վատթարանայ առանձնապէս Եթովպիոյ մէջ»:

ՄԱԿ-էն յայտնած են, որ 8,2 միլիոնի հասնող մարդոց թիւը, որ սնունդի եւ ջուրի շտապ կարիք ունի, վերջին կէս տարուան մէջ գրեթէ կրկնակի աճ արձանագրած է:

Բացի ատկէ, այս թիւը յառաջիկայ տարի կրնայ աճիլ` հասնելով մինչեւ 15 միլիոնի, եթէ միջազգային ընտանիքը շտապ պարենային օգնութիւն չտրամադրէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.